Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա այսօր երեկոյեան ժամը 5:30-ին պատկերասփռուած ճառ մը պիտի արտասանէ:
ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան նախագահ Ամին Ժեմայէլ Սուրիոյ ընդդիմութեան համաձայնական մարմինի նախագահ Ժորժ Սապրայի հետ իր ունեցած հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին նոր տեղեկութիւններ ստացաւ առեւանգուած երկու առաջնորդներուն մասին:
ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ նախկին փոխնախագահ Էլի Ֆըրզլի յայտնեց, որ քրիստոնեաները միասնական շարքերով պէտք է ուղղուին` քուէարկելու համար Ուղղափառ հանդիպումին մշակած ընտրական օրէնքին:
ԿԵՆՍՈԼՈՐՏԻ նախարարի պաշտօնակատար Նազեմ Խուրի յայտնեց, որ Ուղղափառ հանդիպումին մշակած ընտրական օրէնքը կ՛ամրապնդէ յարանուանական պատկանելիութիւնը, մինչդեռ լիբանանցիները կը յայտարարեն, թէ իրենք դէմ են համայնքային դրութեան:
ՂՈՎՄԻ կուսակցութեան երեսփոխան Մարուան Ֆարես յայտնեց, որ Իսրայէլի կողմէ լիբանանեան գերիշխանութեան դէմ գործուած ոտնձգութիւնները ցոյց կու տան, թէ չէզոք կեցուածքի քաղաքականութիւնը անօգուտ է:
ՆԱԽԿԻՆ երեսփոխան Մըսպահ Ահտապ յայտնեց, որ մրցակցութիւն առթող կառավարութեան մը կազմութիւնը ճիշդ չէ` աւելցնելով, որ 1960-ի օրէնքը եւ Ուղղափառ հանդիպումին մշակած ընտրական օրինագիծը իրեն համար մերժելի են:
ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ եւ ջուրի հարցերու նախարարութեան կողմէ հրապարակուած վառելանիւթի նոր սակացոյցին համաձայն, պենզինի թիթեղին սակը նուազած է 400 լ. ոսկիով, իսկ մազութինը` 300 լ. ոսկիով:

