Ռաս Նաքուրայի Մէջ Զինուորական Եռակողմանի Հանդիպում
Ռաս Նաքուրայի ՖԻՆԻՒԼ-ի կեդրոնին մէջ երէկ առաւօտեան տեղի ունեցաւ եռակողմանի զինուորական հանդիպում մը, լիբանանցի եւ իսրայէլացի սպաներու եւ ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերուն միջեւ:
Նիստին ընթացքին քննարկուեցաւ Լիբանանի եւ Իսրայէլի միջեւ նախորդ օրերուն արձանագրուած ոտնձգութիւններուն հարցը:
Քննարկուեցան նաեւ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 բանաձեւին վերաբերող հարցեր, սահմանային Կապոյտ գիծին մէջ տիրող կացութիւնն ու հիւսիսային Ղաժարէն իսրայէլեան ուժերուն հեռացման խնդիրը:
CATEGORIES Լիբանանեան

