Ֆըրզլի Այցելեց Սամի Ժեմայէլի
Փաղանգաւոր կուսակցութեան երեսփոխան Սամի Ժեմայէլ երէկ Պիքֆայայի մէջ ընդունեց խորհրդարանի նախկին փոխնախագահ Էլի Ֆըրզլին, որուն հետ քննարկեց ընտրական օրէնքին վերաբերող մանրամասնութիւններ:
Հանդիպումէն ետք Ֆըրզլի շեշտեց, որ իրենք կառչած կը մնան Ուղղափառ հանդիպումին մշակած ընտրական օրինագիծին` նկատի ունենալով, որ քրիստոնեայ համայնքին արդար իրաւունքները պաշտպանող օրէնքի այլընտրանք մը գոյութիւն չունի:
Նշենք, որ Ֆըրզլի Պիքֆայա գործուղուած էր Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի կողմէ:
CATEGORIES Լիբանանեան