Միքաթի Նախագահեց Ապահովական Նիստի Մը

Հրաժարեալ վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ վարչապետարանին մէջ նախագահեց ապահովական ընդարձակ նիստի մը, որուն ընթացքին քննարկուեցան Թրիփոլիի մէջ տիրող կացութիւնը եւ ապահովական ընդհանուր իրավիճակը:

Նիստին ընթացքին Միքաթի հաստատեց, որ Թրիփոլիի մէջ ներկայիս տիրող համեմատաբար աւելի ապահով իրավիճակը իրականացաւ շնորհիւ ապահովական ուժերուն տարած աշխատանքին, որուն ընդառաջեց նաեւ Թրիփոլիի բնակչութիւնը, ինչպէս նաեւ` քաղաքական եւ հոգեւոր պատասխանատուները:

Միքաթի յայտնեց, որ Թրիփոլիի մէջ մերթ ընդ մերթ արձանագրուած ապահովական խախտումները յաւելեալ ճնշումի պիտի ենթարկուին եւ կայունութիւնը պիտի պարտադրուի:

Ապահովական նիստին ընթացքին վերահաստատուեցաւ օրինազանցները չհովանաւորելու անհրաժեշտութիւնը, ինչպէս նաեւ շեշտուեցաւ բանակին եւ ապահովութեան ուժերուն միջեւ յաւելեալ գործակցութեան կարեւորութիւնը:

Միքաթի ընդունեց Լիբանանի մէջ Եւրոպական Միութեան ներկայացուցիչ Անժելինա Էխհորեսթը, որուն հետ քննարկեց Լիբանանը եւ շրջանը յուզող իրադարձութիւնները:

Էխհորեսթ շեշտեց կառավարութեան կազմութեան անհրաժեշտութիւնը` ներկայ պայմաններուն յարմար որոշումներ տալու համար:

Միքաթիի այցելեցին նաեւ լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժի եւ Լիբանանի մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ալի Աուատ Ասիրի:

 

 

Share this Article
CATEGORIES