Նախագահ Սլէյման Ապպաս Իպրահիմի Հետ Քննարկեց Առեւանգուած Լիբանանցիներուն Թղթածրարը

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմը, որուն հետ քննարկեց Ազեզի մէջ գտնուող առեւանգուած լիբանանցիներուն թղթածրարը եւ այդ իմաստով արձանագրուած զարգացումները:

Նախագահ Սլէյման ընդունեց նաեւ պատժական միջոցներու գերագոյն խորհուրդի մէկ պատուիրակութիւնը, գլխաւորութեամբ խորհուրդի նախագահ Մարուան Ապպուտի:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան քաղաքապետարաններուն յատուկ թղթածրարներ, որոնց արագ լուծումը անհրաժեշտ նկատուեցաւ հանրապետութեան նախագահին կողմէ: Ան ընդգծեց նաեւ ապակեդրոնացեալ դրութեան որդեգրումը` ատակութեան եւ թափանցիկութեան տարազին հիման վրայ:

Նախագահ Սլէյմանի այցելեց փոխվարչապետի պաշտօնակատար Սամիր Մուքպելը, որուն հետ քննարկեց նախարարական յանձնախումբերուն աշխատանքները:

Նախագահական պալատի այցելուներէն եղան նաեւ գաղթականութեան եւ գաղթականներու հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ալաէտտին Թըրրօ, երկրագործութեան նախարարի պաշտօնակատար Հիւսէյն Հաժ Հասան:

Քննարկուեցան քաղաքական եւ երեսփոխանական խորհրդակցութիւնները, ինչպէս նաեւ կառավարութեան կազմութեան եւ ընտրական օրէնքի մշակման կարելիութիւնները:

Նախագահ Սլէյման երեսփոխան Խտըր Հապիպի հետ քննարկեց նաեւ Թրիփոլիի վերաբերող շարք մը հարցեր:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )