ԸՆԴՎԶՈՒՄՆ ՈՒ ՅՈՅՍԸ` ԺԱՆ ՓՈԼ ԿԻՐԱԿՈՍԵԱՆԻ ՊԱՍՏԱՌՆԵՐՈՒՆ ԸՆԴՄԷՋԷՆ

Ժան Փոլ Կիրակոսեան

Ժան Փոլ Կիրակոսեան արուեստագէտը իր գործերուն ընդմէջէն պատգամներ եւ յատկապէս ընդվզումներ կը յայտնէ, կը մերժէ քարացած ժխտական իրականութիւնները եւ պաստառները դիտողը կը մղէ մտածելու, որ կարելի է բան մը փոխել կացութենէն, որպէսզի աւելի լաւ միջավայր ու ապագայ մը ունենանք:

Այս գաղափարն ու տպաւորութիւնը կը ստանայ երէկ` հինգշաբթի,19 մայիսի երեկոյեան ժամը 7:00-ին «Էմմակոս» ցուցասրահին մէջ կայացող եւ «Աներեւոյթ» խորագիրը կրող Ժան Փոլ Կիրակոսեանի ցուցահանդէսը այցելողը:

Պաստառներու այլազանութիւնը, գոյներու հարստութիւնը, ոչ ամբողջական մարդկային մարմինները, բնութեան արտացոլացումը, ներկայի ու ապագայի հանդիպումը կ՛արտացոլան Ժան Փոլ Կիրակոսեանի գործերուն մէջ, որոնք տարբեր չափերով եւ նիւթերով կը հանգչին ցուցասրահին պատերուն վրայ:

Իր արուեստին առանցքին մասին խօսելով` Ժան Փոլ Կիրակոսեան «Ազդակ»ին յայտնեց. «Ես ամէն ինչէ կը դժգոհիմ, պաստառներուս մէջ կը տեսնէք, որ իմ նկարած կիներուս մեծամասնութիւնը ձեռք, ոտք եւ գլուխ չունին, որովհետեւ երբ կինը ծնի, զինք կը դաստիարակեն այնպէս, որ ինք կ՛ապրի, որպէսզի ամուսնանայ եւ իր կողակիցին տունը երթայ: Այսպիսով կը ստեղծեն այն տրամադրութիւնը, որ կինը երկրորդական մակարդակի պատկանող անձ մըն է, տղաքը իրաւունքներ ունին, իսկ կիները չունին, իգական սեռի պատկանողները պիտի ամուսնանան եւ իրենց ամուսիններուն անունը կրեն. ինչո՞ւ: Այսպիսով կը սկսին արդէն ստորադասի կացութեան մէջ դնել կինը, որ ինքնաբերաբար պիտի զգայ, որ ընտանիքին մէջ նուազ իրաւունք եւ տեղ ունի: Իսկ տղաքը աւելի իրաւունք ունեցողի դիրքին մէջ պիտի ըլլան, ինչ որ կրնայ մղել զանոնք, որ իրենց շուրջ գտնուող իգական սեռի պատկանողներուն արժէքն ու յարգը չգիտնան: Նման մօտեցումով հասակ նետած անձ մը նաեւ կրնայ յարգը չգիտնալ իր երկրին, իր ժողովուրդին, իր շրջապատին: Այդ պատճառով է, որ դժգոհութիւններ ունիմ, պէտք է նախ մարդ իր շրջապատին, ազգին, երկրին յարգը գիտնայ, որպէսզի նաեւ աշխարհը կարենայ արժեւորել: Իսկ գործերուս մէջ գոյներու ներկայութիւնը կը ցոլացնէ յոյսը, առանց որուն կարելի չէ շարունակել կեանքը»:

Պատասխանելով «Ազդակ»ի այն հարցումին, որ պաստառներուն մէջ երբեմն գոյներու տիրական ներկայութեան, իսկ այլապէս կատարեալ բացակայութեան պատճառը ի՞նչ է, Ժան Փոլ Կիրակոսեան յայտնեց, որ ատիկա կախեալ է գծած պահուն իր տրամադրութենէն, պաստառին յանձնելիք իր նիւթէն, ներաշխարհի խլրտումներէն: Բայց եւ այնպէս, Ժան Փոլ Կիրակոսեան հաստատեց, որ բոլոր պաստառներուն մէջ եղողը մէկ բողոք, մէկ ընդվզում եւ մէկ դժգոհութիւն է:

Լիբանանահայ անուանի գեղանկարիչ Փոլ Կիրակոսեանի որդին ըլլալու հանգամանքով արուեստի մարզին մէջ մղիչ ուժ ունենալու մասին «Ազդակ»ի հարցումին պատասխանելով` Ժան Փոլ Կիրակոսեան յայտնեց, որ ինք, քոյրն ու եղբայրները արդէն արուեստի աշխարհին մէջ գործող վեցերորդ սերունդն են, ինչ որ բնականաբար միջավայրն ու պայմանները կը ստեղծէ արուեստին մէջ խորանալու: Սակայն հակառակ այս իրականութեան, Ժան Փոլ Կիրակոսեան կը հաստատէ, որ թէեւ ինք փորձած է արուեստագէտ չըլլալ, բայց անկարելի եղած է, որովհետեւ արուեստի ծիները ընտանեկան ծառին հետ հասած էին նաեւ իրեն: Իր հօր կողմէ իրեն փոխանցուած պատգամին ակնարկելով` Ժան Փոլ Կիրակոսեան ըսաւ, որ հայրը ոչ մէկ ատեն միջամուխ եղած է իր ընելիքներուն ու ծրագիրներուն, միայն ըսած է. «Ան, որ տաղանդ ունի եւ չի գծեր, տաղանդը չի յայտնաբերեր, Աստուծոյ մօտ մեղանչած կ՛ըլլայ»:

Յայտնենք, որ Ժան Փոլ Կիրակոսեանի ցուցահանդէսը պիտի տեւէ մինչեւ 4 յունիս 2011:

Share this Article
CATEGORIES