ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ` ՔՈՒԷՅԹԻ ՄԷՋ. «ԹՈՒՐՔԻԱՆ ՊԱՐՏԱՒՈՐ Է ՃԱՆՉՆԱԼՈՒ ԱՆՑԵԱԼԻՆ ԳՈՐԾԱԴՐԱԾ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆԸ ՀԱՅ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻՆ ԴԷՄ» ԸՍԱՒ ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ
Քուէյթ կատարած իր այցելութեան ծիրին մէջ, Արամ Ա. կաթողիկոս մամլոյ ասուլիս տուաւ տեղացի լրագրողներուն: Մամլոյ ասուլիսին ներկայ էին Քուէյթի բոլոր թերթերու եւ պատկերասփիւռի կայաններու ներկայացուցիչները, ինչպէս նաեւ «Երկիր Մետիա» պատկերասփիւռի կայանի լրագրողները: Մէկուկէս ժամ տեւած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին վեհափառը պատասխանեց իրեն ուղղուած բոլոր հարցումներուն, որոնք առաւելաբար առնչուած էին Քուէյթ իր այցելութեան նպատակին ու ընդհանրապէս Քուէյթի հայութեան, Լիբանան – Քուէյթ յարաբերութեան, քրիստոնեայ – իսլամ երկխօսութեան, Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութեան, եւ մասնաւորաբար Հայոց ցեղասպանութեան, Հայաստան – Ազրպէյճան յարաբերութեան, ու յատկապէս Ղարաբաղի, Լիբանանի հայութեան եւ ընդհանրապէս ներկայ աշխարհը յուզող տագնապներուն:
Վեհափառը մասնաւորաբար շեշտեց հետեւեալ կէտերը.
1. Քուէյթի մէջ հայ համայնքը լայն ազատութիւններ կը վայելէ, ունի իր եկեղեցին ու դպրոցը, լաւապէս կազմակերպած է իր համայնքային կեանքը, այս գծով մենք համայնքին անունով մեր երախտագիտութիւնը յայտնեցինք Քուէյթի իշխանութեան եւ ժողովուրդին:
2. Քուէյթը միշտ կը մնայ բարեկամ Լիբանանին: Լիբանանեան տագնապի շրջանին կարեւոր դեր կատարեց ան` կողմերուն միջեւ հասկացողութիւն յառաջացնելու իմաստով: Կը սպասենք, որ Քուէյթ շարունակէ իր տնտեսական օժանդակութիւնը Լիբանանին:
3. Լիբանանի հայ համայնքը երկրին եօթը գլխաւոր համայնքներէն մէկն է, ան իր պարտաւորութիւնները լիովին կը կատարէ Լիբանանին նկատմամբ. միաժամանակ, ան տէր կը կանգնի իր բոլոր իրաւունքներուն: Լիբանանը համայնքային երկիր է. համայնքային գոյակցութիւնը առանցքը կը կազմէ Լիբանանի գոյութեան ու իւրայատկութեան:
4. Հայերը չէ որ Ազրպէյճանի հողը գրաւած են, այլ` ճիշդ հակառակը: Ղարաբաղը մաս կը կազմէ Հայաստանին. պատմութեան ընթացքին, պայմաններու բերումով ան խորհրդային իշխանութեան կողմէ տրուեցաւ Ազրպէյճանին: Ղարաբաղի հողին վրայ ապրող հայ ժողովուրդը իրաւունքը ունի ինքնորոշման:
5. Թուրքիան պարտաւոր է իր հայրերուն կողմէ պետական տարողութեամբ ծրագրուած ու գործադրուած Ցեղասպանութիւնը ընդունելու: Կարելի չէ՛ պատմական իրողութիւնները ուրանալ: Հայ ժողովուրդը արդարութիւն կը պահանջէ Թուրքիայէն ու միջազգային համայնքէն:
6. Քրիստոնեայ – իսլամ երկխօսութիւնը հրամայական է ներկայ աշխարհին մէջ, համաշխարհայնացած աշխարհը կը պարտադրէ կեանքի երկխօսութիւն բոլոր կրօններու եւ մշակոյթներու միջեւ: Միջին Արեւելքի մէջ դարեր շարունակ քրիստոնէութիւնն ու իսլամութիւնը միասին ապրած են հասարակաց արժէքները շեշտելով եւ իրենց տարբերութիւնները յարգելով: Հետեւաբար, պէտք է հեռու մնալ այնպիսի մօտեցումներէ, որոնք կրնան վնասել քրիստոնեայ-իսլամ գոյակցութեան: Կրօնը պէտք չէ՛ օգտագործուի ոչ կրօնական նպատակներով: Կրօնը սիրոյ, խաղաղութեան ու արդարութեան առաքեալը պէտք է մնայ միշտ:
Մամլոյ ասուլիսին առընթեր վեհափառը նաեւ առանձին հարցազրոյցներ ունեցաւ պատկերասփիւռի կարգ մը կայաններուն հետ: