ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄՆԵՐՆ ՈՒ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ

Արամ Ա. կաթողիկոս` նախարար Յակոբեանի եւ Հայաստանի դեսպանատան պատուիրակութեան հետ

Քուէյթ իր կեցութեան երեք օրերուն ընթացքին Արամ Ա. կաթողիկոս շարք մը հանդիպումներ ունեցաւ ու այցելութիւններ կատարեց:

Իր իջեւանած պանդոկին մէջ վեհափառին այցելեցին Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարար  Հրանուշ Յակոբեան` ընկերակցութեամբ Հայաստանի դեսպան Ֆատէյ Չարչօղլեանի: Սոյն հանդիպումը առիթ դարձաւ քննարկելու Հայաստան – սփիւռք գործակցութիւնը  աւելի ծաւալելու կարելիութիւնները:

Ապա վեհափառին այցելեցին Քուէյթի Ազգային վարչութիւնը, Թեմական խորհուրդը եւ այլ ազգային մարմիններ: Հանդիպումներու ընթացքին վեհափառը լսելէ ետք համայնքի կեանքին մէջ ծառայութեան լծուած յիշեալ մարմիններու գործունէութեան մասին, իր թելադրութիւնները կատարեց` շեշտելով եկեղեցին ու դպրոցը իրենց վստահուած առաքելութեամբ աւելի՛ հզօրացնելու անհրաժեշտութիւնը:

Վեհափառը կաթողիկոսական փոխանորդ սրբազանին եւ Ազգային իշխանութեան ներկայացուցիչներուն հետ այցելեց Հայաստանի դեսպանատունը եւ իր գնահատանքը յայտնեց դեսպանին կողմէ կատարուող դիւանագիտական աշխատանքներուն համար` ի խնդիր Հայաստանի ու Քուէյթի դիւանագիտական եւ տնտեսական կապերու առաւել ծաւալման:

Վեհափառը նաեւ այցելեց Քուէյթի Ազգային վարժարան, հանդիպում ունեցաւ ուսուցչական կազմին հետ, եղաւ աշակերտութեան հետ եւ քաջալերեց անոնց աշխատանքը:

 

Share this Article
CATEGORIES