ՕՊԱՄԱ ԱՍԱՏԻ ԴԷՄ ՊԱՏԺԱՄԻՋՈՑՆԵՐ ՀԱՍՏԱՏՈՂ ՀՐԱՄԱՆԱԳԻՐ ՄԸ ՍՏՈՐԱԳՐԵՑ

Նախագահ Ասատ

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշեց, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա «մարդկային իրաւունքները ոտնահարելնուն համար» Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի եւ սուրիացի պաշտօնատարներու դէմ պատժամիջոցներ հաստատած է: Վերջերս Եւրոպական Միութիւնը սուրիացի պաշտօնատարներու դէմ պատժամիջոցներ հաստատած էր` յայտնելով, որ յառաջիկայ շաբաթ պիտի որոշէ պատժամիջոցները ընդլայնելով Ասատը ներառելու կարելիութիւնը:

Օպամայի ստորագրած հրամանագիրը կը սառեցնէ Միացեալ Նահանգներու մէջ սուրիացի պաշտօնատարներու հարստութիւնները եւ ամերիկացի անհատներուն ու ընկերութիւններուն կ՛արգիլէ անոնց հետ գործառնութիւն ունենալ: Նախագահ Ասատի կողքին պատժամիջոցներուն մէջ ներառուած են փոխնախագահ Ֆարուք Շարեհ, վարչապետ Ատել Սաֆար, ներքին գործոց նախարար Մոհամետ Իպրահիմ Շաար, պաշտպանութեան նախարար Ալի Հապիպ, զինուորական գաղտնի սպասարկութեան ղեկավար Ապտել Ֆաթթահ Քտսիէ, քաղաքական ապահովութեան տնօրէն Մոհամետ Տիպ Զէյթուն, ինչպէս նաեւ Ասատի մօրաքրոջ որդի գնդ. Հաֆեզ Մախլուֆ:

Սուրիա դատապարտեց «Սուրիոյ մէջ տեղի ունեցող դէպքերուն պատրուակով» Ասատին եւ սուրիացի պաշտօնատարներուն դէմ Միացեալ Նահանգներու հաստատած պատժամիջոցները: Սուրիական պաշտօնական աղբիւր մը «Սանա» լրատու գործակալութեան յայտնեց, որ այդ միջոցառումները կ՛իյնան ծիրին մէջ ամերիկեան իրերայաջորդ վարչակարգերուն սուրիացի ժողովուրդին դէմ որդեգրած պատժամիջոցներուն:

Աղբիւրը վստահեցուց, որ այդ պատժամիջոցները չեն ազդած եւ պիտի չազդեն Սուրիոյ անկախ որոշումին, տոկունութեան եւ համապարփակ բարեփոխումներու ամբողջացման վրայ:

ԱՖՓ լրատու գործակալութիւնը չորեքշաբթի օր հաղորդած էր, որ ամերիկացի բարձրաստիճան պաշտօնատար մը յայտնած է, որ Ուաշինկթըն Ասատին կոչ ուղղած է իր երկրին մէջ քաղաքական փոխանցումը ղեկավարելու կամ հեռանալու: Ան նաեւ յայտնած էր, որ ամերիկեան վարչակարգը Ասատի դէմ ուղղակի պատժամիջոցներ պիտի հաստատէ, որպէսզի սուրիական կառավարութիւնը դադրեցնէ «իր ժողովուրդին դէմ բռնարարքները եւ դէպի ժողովրդավարական վարչակարգ փոխանցումին սկսի»:

 

Share this Article
CATEGORIES