ԾՈՑԻ ՀԱՄԱԳՈՐԾԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԸ ԵՄԷՆԻ ՏԱԳՆԱՊԻՆ ՀԱՐՑՈՎ ԱՐՏԱԿԱՐԳ ՆԻՍՏ ՄԸ ՊԻՏԻ ԳՈՒՄԱՐԷ

Եմէնցի ընդդիմադիր պաշտօնատար Մոհամետ Պասանտուա յայտարարեց, որ Ծոցի համագործակցութեան խորհուրդը Եմէնի տագնապին լուծման միջնորդութեան ձախողութենէն ետք յառաջիկայ քանի մը օրերուն ընթացքին արտակարգ նիստ մը պիտի գումարէ:

Ըստ կարգ մը տեղեկութեանց, Պասանտուա Եմէնի տագնապի լուծման նախաձեռնութեան համաձայն պիտի ստանձնէր փոխանցման կառավարութեան վարչապետի պաշտօնը: Ան յայտնեց, որ Ծոցի համագործակցութեան խորհուրդը Եմէնի ընդդիմութեան յայտնած է, որ պիտի գումարէ արտաքին գործոց նախարարներու ժողով մը, որ յատկացուած պիտի ըլլայ Եմէնի տագնապի լուծման նախաձեռնութեան քննարկման: Ան աւելցուց, որ կը նախատեսուի, որ ժողովը գումարուի շաբաթ օր` Ռիատի մէջ:

Միւս կողմէ, Եմէնի իշխող կուսակցութենէն աղբիւր մը «Պի.Պի.Սի.»ի արաբերէն ծառայութեան տեղեկացուց, որ Եմէնի նախագահ Ալի Ապտալլա Սալեհ չէ մերժած խորհուրդի նախաձեռնութիւնը ստորագրել, այլ պայման դրած է, որ զայն ստորագրեն «արձանագրուած կուսակցութիւններ եւ ոչ թէ կողմեր, որոնք հիմք չունին»: Ան կ՛ակնարկէր Ազգային երկխօսութեան յանձնախումբին, որուն նախագահը` Մոհամետ Սալեմ Պասանտուա պիտի ստորագրէր նախաձեռնութիւնը, սակայն իշխող կուսակցութիւնը պահանջած է, որ Միացեալ համախմբումի նախագահ Սաատ Մաաման ստորագրէ զայն:

Նախապէս եմէնցի պատասխանատու աղբիւր մը յայտարարած էր, որ Ծոցի համագործակցութեան խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար Ապտել Լաթիֆ Զիանի չորեքշաբթի երեկոյեան հեռացած է Սանաայէն, առանց որ Եմէնի մէջ իշխանութեան խաղաղ փոխանցման համաձայնութիւնը ստորագրուի: Սպիտակ տունը Եմէնի նախագահին կոչ ուղղած էր ստորագրելու համաձայնութիւնը:

 

 

Share this Article
CATEGORIES