ՊԸՆ ԼԱՏԵՆ ՅԵՏ ՄԱՀՈՒ ՍՓՌՈՒԱԾ ԻՐ ՈՒՂԵՐՁԻՆ ՄԷՋ ԿԸ ՆԱԽԱՏԵՍԷ. «ՓՈՓՈԽՈՒԹԵԱՆ ՔԱՄԻՆ ՊԻՏԻ ՓՉԷ ԱՄԲՈՂՋ ԱՇԽԱՐՀԻՆ ՎՐԱՅ»
Իսլամական խմբաւորումներու պատկանող կայքէջեր երէկ սփռեցին Քայիտայի սպաննուած ղեկավար Ուսամա Պըն Լատենի ուղերձը, որուն մէջ ան կ՛ողջունէ արաբական աշխարհին մէջ տեղի ունեցող զարգացումները, մասնաւորաբար Թունուզի եւ Եգիպտոսի յեղափոխութիւնները` զանոնք նկատելով շրջանին մէջ մեծ փոփոխութեան մը սկիզբը:
12:37 վայրկեան տեւողութեամբ ձայնագրուած պատգամին մէջ Պըն Լատեն իսլամներուն կոչ կ՛ուղղէ` «պատմական այս հազուադէպ առիթէն» առաւել եւս օգտուելով ըմբոստանալու` նշելով, որ պէտք է իսլամական ժողովուրդներուն տեսակէտ փոխանցող եւ խորհուրդ տուող յանձնախումբ մը կազմել:
Ան նշեց, որ «կը նախատեսեմ, որ փոփոխութեան քամին փչէ ամբողջ աշխարհի վրայ»:
CATEGORIES Միջազգային