«ԼԵՌՆԱՅԻՆ ՂԱՐԱԲԱՂԻ ՀԱՐՑԻՆ ՄԷՋ ԵԿԱԾ Է ՀԱՄԱՁԱՅՆՈՒԹԵԱՆ ՄՇԱԿՄԱՆ ԱՆՑՆԵԼՈՒ ԺԱՄԱՆԱԿԸ» Կ՛ԸՍԷ ԿՈՐՏԸՆ

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի օգնական Ֆիլիփ Կորտըն Միացեալ Նահանգներու ծերակոյտի արտաքին յարաբերութեանց յանձնախումբի ունկնդրութիւններուն ընթացքին արտասանած իր խօսքին մէջ յայտարարած է, որ Միացեալ Նահանգներ կը կարծեն, որ Լեռնային Ղարաբաղի հարցին մէջ եկած է խաղաղութեան համաձայնութեան նախագիծի մշակման անցնելու ժամանակը:

«Մենք խորապէս կը հաւատանք, որ եկած է ամբողջացնելու, հիմնարար սկզբունքները հաստատելու եւ խաղաղութեան համաձայնութեան նախագիծի մշակման անցնելու ժամանակը», ըսած է Կորտըն: Ան նշած է, որ Միացեալ Նահանգներ, ինչպէս նաեւ Ֆրանսա եւ Ռուսիա Մինսքի խմբակի ծիրին մէջ պիտի ընդլայնեն իրենց գործունէութիւնը եւ այդպիսով Հայաստանին ու Ազրպէյճանին պիտի դիմեն` ղարաբաղեան տագնապը խաղաղ միջոցներով լուծելու համար:

«Մենք վստահ ենք, որ Միացեալ Նահանգները եւ Եւրոպան պէտք է միասնաբար գործեն` Եւրոպայի մէջ հետագայ տագնապներէն խուսափելու համար, եւ պէտք է օգնեն շրջանի երկիրներուն` ժողովրդավարութեան, խաղաղութեան եւ բարգաւաճման ճամբով ընթանալու հարցին մէջ»:

Քլինթընի օգնականը նաեւ ընդգծած է, որ Միացեալ Նահանգներ պիտի աջակցին Թուրքիոյ եւ Հայաստանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման:

 

Share this Article
CATEGORIES