Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
ԽՈՅ (21 Մարտէն 20 Ապրիլ)
Դուք ձեր բարեկամներէն միշտ կը պահանջէք ամէն օր քիչ մը աւելի, իսկ դուք փոխարէնը ի՞նչ կու տաք: Այս մասին մտածեցէք:
ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Եթէ կ՛ուզէք փոփոխութիւն մը մտցնել ձեր առօրեային մէջ, լաւ մտածեցէք: Համբերութիւնը կարեւոր է այս պարագային, մի՛ աճապարէք:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Կարիքը ունիք ուսումնասիրելու կամ սերտելու որոշ հարցեր: Հարկ է, որ հանդիպում ունենաք կարգ մը անձերու հետ` ձեր միտքը պարզելու:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Պէտք ունիք քաջալերանքի: Ասիկա անշուշտ լաւ ուժ մըն է ձեզ առաջ մղելու: Եղէք արթուն` օրուան պատահարները դիմագրաւելու:
ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Աշխատանք, համաձայնագրեր, նամակագրական կապեր պիտի լեցնեն ձեր օրը: Իւրաքանչիւրին տուէք յարմար ժամը` ուշադրութեամբ իրագործելու:
ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Առօրեայ միօրինակութեան մէջ մի՛ մնաք, եղէք ստեղծագործ, որպէսզի ունենաք նոր յաջողութիւններ եւ յառաջդիմութիւն: Օրը նպաստաւոր է:
ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Տէր եւ տիկին ըլլաք կամ ընկեր-ընկերուհի, սիրոյ պարագային եղէք անկեղծ, որպէսզի համերաշխութիւնը յաւերժական մնայ ձեր միջեւ:
ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Կարգ մը յիշատակներ ձեզ կը տխրեցնեն, կամ ծանր կը կշռեն ձեր հոգեկանին վրայ: Մոռցէք անցեալի ցաւալի օրերը եւ նայեցէք ապագային:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Տեսակցութիւն մը կամ համաձայնութիւն մը իրագործեցէք լուրջ մօտեցումով: Նկատի առէք ձեր արժէքը եւ ձեր կարողութիւնը: Մի՛ շուարիք:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Աշխատանքի մէջ կատարեցէք ճիշդ քննարկումներ, ձեր քննադատութիւնը ըլլայ փաստացի, որպէսզի իրաւ արժեւորումը կատարէք ձեր շրջապատին մէջ:
ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Գաղափարներ ունիք, որոնց մասին պէտք է աւելի մտածէք եւ արծարծէք առողջ մօտեցումով: Այսպիսով կրնաք հասնիլ ուզուած մակարդակին:
ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Ձեր ոտքերը դրէք ճիշդ տեղը, շարժեցէք ստոյգ մեթոտի հետեւողութեամբ: Նախընտրելի է ըլլալ համբերատար, որպէսզի աճապարանքը ձեզ սխալ տեղ մը չտանի: