50 Տարի Առաջ (10 Մայիս 1963)

Ազգային Ընդհանուր Ժողովի
Երկրորդ Նիստը Գումարուեցաւ Երէկ

Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան թեմերու Ազգային ընդհանուր ժողովի երկրորդ նիստը, նախագահութեամբ նորընտիր կաթողիկոս Խորէն Ա.ի, տեղի ունեցաւ երէկ` չորեքշաբթի, 8 մայիս 1963, կէսօրէ ետք ժամը 4:00-ին, կաթողիկոսարանի վեհարանի դահլիճին մէջ:

Ներկայ էին 42 թեմակալ առաջնորդներ եւ երեսփոխաններ:

Վեհափառ հօր Տէրունական աղօթքէն ետք, ժողովը, որ գումարուեցաւ դռնբաց, սկսաւ իր աշխատանքներուն:

Դիւանի Ա. ատենապետ Վահէ Սէթեան մանրամասն զեկուցումով կարդաց կաթողիկոսարանի չորս տարուան` 1959, 1960, 1961, 1962, հաշուեկշիռի տեղեկատուութիւնը:

ԵԼՔ.- Ծախքերը ներկայացուեցան հետեւեալ բաժանումներով. ուսումնական (դպրեվանք), մատակարարութիւն, վարչական, հրատարակչական, կահաւորում եւ կալուածական:

Միջին հաշուով տարեկան ելքի գումարը եղած է 225,000 լ. ոսկի:

ՄՈՒՏՔ.- Կաթողիկոսարանի հիմնական մուտքերը եղած են. Կալուածներու եկամուտը (Խէրեան, Յովսէփեան եւ ամերիկահայոց կալուածներ), «Գալուստ Կիւլպենկեան» հիմնարկութեան ֆոնտ, բանկալ, այսինքն` մայր տաճարի եկամուտը, զանազան եկամուտներ եւ թեմերու աթոռատուրքերը:

Վերջին եօթը տարիներէ ի վեր դադրեցուած են Բարեգործականի միջոցով կատարուած բոլոր յատկացումները:

Պիւտճէի բացը գոցուած է ամերիկահայերէ հանգանակուած պատրաստի գումարէն:

Բազմաթիւ երեսփոխաններ խօսք առին, հարցումներ ուղղեցին եւ ստացան անհրաժեշտ լուսաբանութիւնները:

Վեհափառ հայրը խօսք առնելով` ըսաւ. «Խոր գիտակցութեամբ ստանձնեցի այս պատմական եւ դարաւոր Ս. Աթոռին պատասխանատուութիւնը: Որոշած եմ աշխատիլ եւ ծաղկեցնել այս  Աթոռը: Այս Աթոռը պիտի պահենք, ուխտած ենք պահել: Վստահ ենք` ժողովուրդը կու տայ:

«Մեր հաստատ եկամուտները հետեւեալներն են. կալուածներ` 50,000 լ.ո., զանազան նուէրներ` 15,000 լ.ո., «Գալուստ Կիւլպենկեան» ֆոնտ` 15,000 լ.ո. եւ բանկալ, այսինքն` մայր տաճարի եկամուտ 15-20 հազար լ. ոսկի. ընդհանուր գումար` 100 հազար լ. ոսկի: Մնացեալ 125 հազար լ. ոսկին պէտք է փակենք աթոռատուրքերով: Կոչ կ՛ուղղեմ ձեզի, որպէսզի կանոնաւոր աթոռատուրք վճարէք»:

Ճորճ Մարտիկեան ձայն առնելով` ըսաւ. «Կ՛առաջարկեմ, որ վեհափառին խնդիրքը ընդունինք եւ լիուլի կատարենք ու վճարենք մեր աթոռատուրքերը»:

Ամերիկահայոց առաջնորդ, Հրանդ եպիսկոպոս 10 հազար տոլարնոց չէք մը տուաւ վեհափառին: Նախապէս 15 հազար տոլար իրենց աթոռատուրքը վճարած ըլլալով` յաւելեալ 5 հազար տոլարի նուէր մը եւս ընելով ամերիկահայ թեմի կողմէ:

Ամերիկահայ թեմը յանձն առաւ տարեկան 60 հազար լիբ. ոսկիով մասնակցիլ աթոռատուրքի:

Միւս թեմերու երեսփոխանները բարեացակամ տրամադրութեամբ արտայայտութիւններ ունեցան` յանձն առնելով մնացեալ 65 հազար լիբ. ոսկի աթոռատուրքը վճարել: Թեմերու ներկայացուցիչները, այսօր, կէսօրէ առաջ, կաթողիկոսարանի մէջ, դիւանի հետ համախորհուրդ, պիտի որոշեն իրենց թեմերուն բաժինները, որոնք պիտի քուէարկուին կէսօրէ ետք ժամը 3:00-ին գումարուելիք Ազգային ընդհանուր ժողովի երրորդ նիստին:

Ժողովը փակուեցաւ ժամը 6:00-ին:՛

Share this Article
CATEGORIES