Արուեստի Աշխարհէն. Թրեչիքոֆի Գեղանկարին Չինացի Աղջիկը Ես Էի
Պատրաստեց՝ Լ. ԿԻՒԼՈՅԵԱՆ – ՍՐԱՊԵԱՆ

«Չինացի աղջիկը» գեղանկարը եւ Մոնիքա Փոն-Սու-Սան:
«Դիպուկ անմեղութիւն մը կայ դէմքին վրայ, ոգեղէն մթնոլորտ մը կայ այս գեղանկարին մէջ: Մտքի խաղաղութեան լուսապսակ մը կ՛արտացոլայ անկէ». հռչակաւոր կախարդ Ուրի Կելլար` «Չինացի աղջիկը» գեղանկարին մասին:
ՌՈՒՍ ԳԵՂԱՆԿԱՐԻՉ ՎԼԱՏԻՄԻՐ ԹՐԵՉԻՔՈՖԻ «ՉԻՆԱՑԻ ԱՂՋԻԿԸ» ԴԻՄԱՆԿԱՐԸ, ՈՐ ՅԱՃԱԽ ՃԱՆՉՑՈՒԱԾ Է ՆԱԵՒ «ՏԸ ԿՐԻՆ ԼԷՅՏԻ» ԱՆՈՒՆՈՎ, ՄԱՐՏԻՆ ԼՈՆՏՈՆԻ ՄԷՋ ԱՃՈՒՐԴԻ ՄԸ ԸՆԹԱՑՔԻՆ ՎԱՃԱՌՈՒԵՑԱՒ ՇՈՒՐՋ 1.5 ՄԻԼԻՈՆ ՏՈԼԱՐԻ: ՎՃԱՐՈՒԱԾ ԳՈՒՄԱՐԸ ՁԵՒՈՎ ՄԸ Կ՛ԱՐՏԱՑՈԼԷՐ ԳԵՂԱՆԿԱՐԻՆ ԴԻՐՔԸ` ԻԲՐԵՒ ՏՊԱԳՐՈՒԹԵԱՄԲ ՎԵՐԱՐՏԱԴՐՈՒԱԾ ԱՄԷՆԷՆ ԱՒԵԼԻ ԺՈՂՈՎՐԴԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ ՎԱՅԵԼՈՂ ԳԵՂԱՆԿԱՐՆԵՐԷՆ ՄԷԿԸ: ՊԱՏԿԵՐՈՒԱԾ ԱՂՋԻԿԸ` ՄՈՆԻՔԱ ՓՈՆ-ՍՈՒ-ՍԱՆ «ՊԻ. ՊԻ. ՍԻ.»-Ի ՀԵՏ ՀԱՐՑԱԶՐՈՅՑԻ ՄԸ ԱՌԻԹՈՎ ԿԸ ՎԵՐՅԻՇԷ ՄԷԿ ՕՐԷՆ ՄԻՒՍԸ ԼՈՒՍԱՐՁԱԿՆԵՐՈՒ ՏԱԿ ԻՅՆԱԼՈՒ ԻՐ ՓՈՐՁԱՌՈՒԹԵԱՆ ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆԸ: ԳԱՂՏՆԻՔ ՉԷ, ԹԷ ԱՐՈՒԵՍՏԻ ԳՈՐԾԵՐԸ ՅԱՒԵԼԵԱԼ ՀՄԱՅՔ ԵՒ ԻՄԱՍՏ ԿԸ ՍՏԱՆԱՆ ԻՐԵՆՑ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՄԲ, ԻՍԿ ԱՅՍ ՊԱՐԱԳԱՅԻՆ` ՃԱԿԱՏԱԳԻՐԻ ԿԱՏԱԿՆԵՐՈՒ ԿԱԽԱՐԴԱԿԱՆ ՄԷԿՏԵՂՈՒՄՈՎ:
Օր մը, 1950-ին, գանգուր մազերով օտարական մը մուտք գործեց հօրեղբօրս արդուկիչի վաճառատունը Քէյփ Թաունի մէջ, ուր կ՛աշխատէի:
Հոն կանգնած մնաց, աչքերը վրաս սեւեռած, մինչ ես կը սպասարկէի յաճախորդի մը: Խօսեցաւ միայն այն ատեն, երբ առանձին մնացինք վաճառատան մէջ:
«Բարեւ,- ըսաւ,- ես Թրեչիքոֆն եմ: Պիտի ուզէի գծել քեզ»:
Այդ ժամանակ Վլատիմիր Թրեչիքոֆ շատ հռչակաւոր չէր, սակայն դիպուածով իր մասին կարդացած էի թերթի մը մէջ, ճիշդ մէկ շաբաթ առաջ:
Հետեւաբար քիչ մը լարուած էի, բայց այո՛ ըսի: Զիս տարաւ գործէս ետք եւ վերադարձուց տուն:
Ինծի տուաւ իր կնոջ շրջազգեստը, մետաքսէ գեղեցիկ, շատ գեղեցիկ շրջազգեստ մը, որպէսզի հագնիմ: Անիկա դեղին չէր, ինչպէս որ պատկերուած է գեղանկարին մէջ. գոյնը փոխելը ի՛ր հնարքն էր:

Դպրոցը աւարտելէ ետք Մոնիքա Փոն-Սու-Սան ամուսնացած է, ապրած է Ճոհանեսպուրկի մէջ, ունեցած է հինգ զաւակ, աշխատած է ընտանիքին ճաշարանին մէջ, ապա` ապրանք ծրարող եւ փոխադրող ընկերութեան մը:
Շատեր ինծի հարց կու տան. «Ինչո՞ւ այնքան խոժոռ է նայուածքդ: Ի՞նչ բանի մասին կը մտածէիր»: Իսկ ես միշտ կը պատասխանեմ. «Գիտէ՛ք, մարդ կը յոգնի նստելէ եւ մէկ կէտի նայելէ»:
Միշտ կը մտածէի Թրեչիքոֆի կեանքին մասին, որովհետեւ ապրած էր թշուառ կեանք մը: Բ. Աշխարհամարտին ռմբակոծուած էր այն նաւը, որուն վրայ կը գտնուէր ինք, եւ երեք շաբաթ առանց սնունդի ապրած էր նաւակի մը վրայ: Ապա ճափոնցիները բանտարկած էին զայն:
Կորսնցուցած էր կապը իր կնոջ եւ աղջկան հետ: Կարծելով, թէ մեռած էին, ունեցած էր սիրուհի մը: Սակայն անոնք ողջ էին եւ ճակատագիրի բերումով հասած էին Քէյփ Թաուն, ուր ինք եւս հասած էր: Հետեւաբար վերամիացած էին:
Շատ համակրելի եւ սրամիտ մարդ մըն էր: Շատ կը խնդայինք միասին: Ընդամէնը 6 փաունտ եւ 5 դահեկան վճարեց աշխատանքիս համար:
Ունէր 20 աշակերտներ: Երբ կը նստէի եւ ան կը գծէր, աշակերտները կը տեսնէին զիս, բայց ինծի երբեք արտօնուած չէր տեսնել գեղանկարը. անիկա միշտ իր թիկունքը դարձուցած էր ինծի:
Կը փորձէի նեղել զինք եւ կը հարցնէի. «Ի՞նչ պիտի կոչես զայն»: Կ՛ըսէր, թէ աւելի ուշ կրնար գտնել վերնագիր մը: Վեց կամ 10 շաբաթ ետք էր, չեմ յիշեր ճիշդ որքան տեւեց, իր ցուցահանդէսին բացման գիշերը ըսաւ, թէ զայն կոչած էր «Չինացի աղջիկը»: Մտածեցի, թէ շատ սովորական վերնագիր մըն էր:
Իսկ երբ գեղանկարը տեսայ, ցնցուեցայ: Մտածեցի, թէ սարսափազդու ժապաւէնի մը հրէշին կը նմանէի: Դէմքս ծռեցի եւ ըսի. «Ի՛նչ ահարկու դէմք»:
Մարդիկ անմիջապէս սկսան ճանչնալ զիս: Օր մը հանրախանութ գացի եւ կին մը բարձրաձայն ըսաւ. «Նայեցէ՛ք, այս աղջիկը, ճիշդ գեղանկարին աղջկան կը նմանի»:

Մոնիքա Փոն-Սու-Սան երկու դիմանկարի համար իբրեւ բնորդ նստած է Թրեչիքոֆի համար: Երկրորդ դիմանկարին մէջ անոր շրջազգեստը պատկերուած է իրական գոյներով. կապոյտ եւ վարդագոյն: Այնուհետեւ ան երբեք իբրեւ բնորդ չէ նստած ոեւէ արուեստագէտի համար:
Որոշեցի գեղանկարին մէկ տպագրութիւնը գնել: Սակայն մինչեւ որ դիմեցի Թրեչիքոֆի, արդէն օրինակները սպառած էին: Հետեւաբար ինծի տուաւ օրինակ մը, որ իրեն հետ տարած էր Լոնտոն: Զայն կախած եմ տանս միջանցքին մէջ:
Քէյփ Թաունի մէջ կար շէնք մը, ուր արուեստագէտներ կը բնակէին: Գետնայարկը ապրող մարդը քանդակագործ էր: Օր մը ան Թրեչիքոֆի հարցուցած էր. «Կրնա՞մ փոխ առնել բնորդդ»: Կ՛ուզէր դէմքիս պրոնզէ կաղապարը առնել: Սակայն Թրեչիքոֆ պատասխանած էր. «Անշուշտ ո՛չ»:
Բնորդութեան բազմաթիւ առաջարկներ ստացայ: Սակայն յիմար էի: Գացի` ամուսնացայ եւ զաւակներ ունեցայ եւ այսպէս վերջացաւ ամէն ինչ: Ընկերային կեանք չունէի: Հինգ զաւկի պէտք էր հոգայի: Հետեւաբար թաքուն մնացի Քէյփ Թաունի արուեստագէտներուն աչքէն: Շուտով առաջարկները դադրեցան:
Պիտի ուզէի ներկայ ըլլալ վերջերս տեղի ունեցած աճուրդին: Աղջիկներս ինծի ըսին. «Գեղանկարը ծախուեցա՛ւ, գեղանկարը ծախուեցա՛ւ»: Եւ երբ լսեցի, որ վաճառուած էր 1 միլիոն փաունտի, ուրախութենէս վեր-վար ցատկեցի:
Ամէն ոք հրապուրուած է այս գեղանկարով: Բայց իրականութեան մէջ չեմ գիտեր` ինչո՛ւ:
Աղջիկներէս մէկը, փոքրերէն երկրորդը, որ թերեւս ինծի կը նմանի, կ՛ըսէ. «Երանի շատ դրամ ունենայի, կը գնէի այս գեղանկարը եւ մինչեւ վերջ կը պահէի սեփական տանս մէջ»:
Երբ լրագրող մը հարց տուաւ ինծի, թէ արդեօք թոյլ կու տայի՞, որ արուեստագէտ մը այս տարիքիս գծէր զիս, պատասխանեցի. «Ո՛չ… բայց եթէ Թրեչիքոֆ ողջ ըլլար, այո՛, թոյլ կու տայի, որ դարձեալ գծէր զիս»:

