Արուեստի Աշխարհէն. Գրադարան – Սահնակը

Պատրաստեց՝ Լ. ԿԻՒԼՈՅԵԱՆ – ՍՐԱՊԵԱՆ

ԵՐԲ ՃԱՐՏԱՐԱՊԵՏԱԿԱՆ ԱՐՈՒԵՍՏԻՆ ՄԷՋ ՍՏԵՂԾԱԳՈՐԾԱԿԱՆ ՀՆԱՐՔՈՎ ՄԸ ԿԸ ՄԻԱՁՈՒԼՈՒԻՆ ԳՈՐԾՆԱԿԱՆՆ ՈՒ ԳԵՂԵՑԻԿԸ, ԻՆՉՊԷՍ ԿԸ ՏԵՍՆԵՆՔ «ՏԸ ՔՈԼԼՈՍԸԼ» ՊԼՈԿԻՆ ՄԷՋ…

Ճարտարապետ Մուն Հուն վերջերս ձեւագծած է «Փանորամա հաուս» անունով բնակարան մը Հարաւային Քորէայի մէջ: Այս բնակարանին ամէնէն եզակի երեւոյթներէն մէկը փայտէ սահնակ մըն է, որ շինուած է գրադարանի մը մէջ, որ նաեւ կը ծառայէ իբրեւ աստիճանաւոր նստասենեակ եւ շարժապատկերի սրահ…:

Ճարտարապետը հետեւեալ ձեւով կը նկարագրէ իր իւրայատուկ ձեւագծումը.

«Վերի եւ վարի յարկերու տարածքները դասաւորելու հիմնական պահանջը, ինչպէս նաեւ տուեալ վայրին յատակագիծը կը ստիպէին ձեւագծել երկարաւուն եւ նեղ բնակարան մը` ելեւէջող ճակատով, առիթ տալու տեսարանի այլազանութեան: Նպատակը բազմաթիւնպատակներու ծառայող տարածք մը ստեղծելն էր, ինչ որ իրագործուեցաւ հսկայական սանդուխներով, որոնք կը կազմեն գիրքի դարաններ, ընթերցարան մը, տան մէջ շարժապատկերի սրահ մը, սահնակ մը եւ բազմաթիւ այլ բաներ:
Յաճախորդը շատ գոհ մնաց այս ձեւագծումէն, որ անմիջապէս ընդունուեցաւ եւ վերջնականացաւ` քանի մը երկրորդական պատշաճեցումներ կատարելով միայն: Խոհանոցն ու ճաշարանը կարեւոր այլ մասեր են, ուր ընտանիքը կը մէկտեղուի եւ կը հաղորդակցի: Պատկերասփիւռը քշուեցաւ փոքր նստասենեակ մը: Ձեղնայարկէն կարելի է դիտել լաւագոյն տեսարանը: Անիկա կը գործածուի իբրեւ մանուկներուն խաղավայրը: Բազմաթիւ նպատակներու ծառայող սանդուխները եւ սահնակը աշխուժ եռանդով մը կ՛օժտեն բնակարանը. ոչ միայն մանուկները, այլ նաեւ չափահասները կը սիրեն այս սանդուխները: Շարժումով լեցուն բնակարան մըն է այս` բոլոր տարիքի անձերու համար»:

 

 

 

 

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES