Արուեստի Աշխարհէն. Ինչո՞ւ Արուեստի Կեղծ Գործերը Հզօր Են

Պատրաստեց՝ Լ. ԿԻՒԼՈՅԵԱՆ – ՍՐԱՊԵԱՆ

ԻՆՉՊԷՍ ԷՆՏԻ ՈՒՈՐՀՈԼ ԸՍԱԾ Է, ԻՆՉ ՈՐ ԿԱՐԵԼԻ Է ՇՐՋԱՆԱԿԻ ՄԷՋ ԱՌՆԵԼ (ԵՒ ՎԱՃԱՌԵԼ) ԱՐՈՒԵՍՏ Է: ԱՅՍՊԷՍ ԿԸ ԳՈՐԾԷ ԹԱՆԳԱՐԱՆՆԵՐՈՒ ԵՒ ՑՈՒՑԱՍՐԱՀՆԵՐՈՒ ՃԱՐՏԱՐԱՐՈՒԵՍՏԸ: ՈՒՐԻՇՆԵՐ ՊԻՏԻ ԸՍԷԻՆ, ՈՐ ԵՐԲ ԱՐՈՒԵՍՏԸ ՉԻ ՅԱՋՈՂԻՐ ՄԱՐՏԱՀՐԱՒԷՐ ՈՒՂՂԵԼ ԱԿՆԴԻՐԻՆ, ԿԸ ՆՇԱՆԱԿԷ, ԹԷ ԱՐՈՒԵՍՏ ՉԷ, ԱՅԼ` ԶԱՐԴԱՐԱՆՔ: ԹԵՐԵՒՍ ԱՅՍ ՕՐԵՐՈՒՆ ԱՐՈՒԵՍՏԻ ՄԵԿՈՒՍԱՑԱԾ ԱՇԽԱՐՀԸ ՉԻ՞ ԳՈՀԱՑՆԵՐ ՄԵՐ ԽԱՆԴԱՎԱՌՈՒԵԼՈՒ ՄԱՐՄԱՋԸ… ԱՄԵՐԻԿԱՑԻ ԳՐԱԳԷՏ ԵՒ ԱՐՈՒԵՍՏԱԳԷՏ ՃՈՆԱԹԸՆ ՔԻԹՑ ԿԸ ՊԱՐԶԷ ԶԳԱՅԱՑՈՒՆՑ ՆՈՐ ԴԻՏԱՆԿԻՒՆ ՄԸ. «ՏԸ ՏԷՅԼԻ ՊԻՍԹ» (ԹՈՒԱՅՆԱՑԱԾ «ՆԻՈՒԶՈՒԻՔ») ԹԵՐԹԻՆ ՄԷՋ ԱՆ ԿԸ ԲԱՑԱՏՐԷ, ԹԷ ԻՆՉՈ՛Ւ ԱՐՈՒԵՍՏԻ ԿԵՂԾ ԳՈՐԾԵՐԸ ՊԷՏՔ Է ՆԿԱՏԵԼ ՄԵՐ ԺԱՄԱՆԱԿՆԵՐՈՒ ԳԼՈՒԽ ԳՈՐԾՈՑՆԵՐԸ, ԵՒ ԹԷ` Կ՛ԱՐԺԷ ՈՒՇԱԴՐՈՒԹԻՒՆ ԴԱՐՁՆԵԼ ԱՆՈՆՑ: Ի ՎԵՐՋՈՅ, ԿԱՐԵՒՈՐԸ ԳԱՂԱՓԱ՞ՐՆ Է…

Այցելու մը կը դիտէ հոլանտացի կեղծող Հան վան Միկերենի (ապրած է 1889-1947) գեղանկարները` Պոյմանզ վան Պոյնինկըն թանգարանին մէջ:

Արուեստը «կը զբաղի» անձկութեամբ: Աւելի քան մէկ դարէ ի վեր արուեստագէտներ կը փորձեն «խանգարել» մեզ, մղել` հարցականի տակ առնելու մենք մեզ եւ մեր հաւաքականութիւնը: Իր ամէնէն հիմնական մակարդակին վրայ վերացապաշտ-արտայայտչապաշտութիւնը պահ մը գոյութենական տագնապ մը կը ստեղծէ մեր մէջ, իսկ փոփ արուեստը կը ձաղկէ սպառողապաշտութիւնը: Սակայն արուեստի աշխարհը կը մնայ մեկուսացած վայր մը: Իսկ այն քանի մը ընտրեալները, որոնք իրապէս թանգարաններ կ՛այցելեն, եթէ նոյնիսկ որեւէ անձկութիւն պիտի ապրէին, կը մնան չէզոք` ցուցադրուած գործերուն մասին ուղեղը զգայազրկող բացատրութիւններու տարափին պատճառով:

Հետեւաբար օրինապէս ընդունուած արուեստը չի յաջողիր մեզ դուրս բերել մեր «հանգիստի գօտիէն»: Միւս կողմէ` կեղծուած արուեստը հոյակապ կերպով կը յաջողի: Իրօք, կեղծողները մեր ժամանակներու առաջատար արուեստագէտներն են:

Խօսքս չի վերաբերիր անոնց շինած գործերուն: Անոնց բուն արուեստը մեզ խաբելով մղելն է, որ իբրեւ իրական ընդունինք իրենց գործերը: Անոնք այս նպատակին համար անխուսափելիօրէն կ՛օգտագործեն մեր տկար կէտերը եւ կը շահագործեն տրամաբանութեան վրայ հիմնուած մեր ենթադրութիւնները: Երբ կը բացայայտուին անոնք (կամ եթէ բացայայտուին), գայթակղութիւնը, որ ծայր կու տայ, կը կեդրոնանայ դիպուածով ստեղծուած անոնց գլուխ գործոցին վրայ: Երբ կը գիտնանք, թէ խաբուած ենք եւ իրականութիւնը բացայայտուած է, կ՛ապրինք շատ աւելի խոր անձկութիւն մը, քան ինչ որ պիտի կարենար պատճառել որեւէ իրական գեղանկար մը: Նման բացայայտում մը մեզ կը մղէ վերատեսութեան ենթարկելու եւ քննելու մեր տկար դատողութիւնը: Այս ներգործութիւնը անխուսափելի է, որովհետեւ մենք չենք ուզած խաբուիլ: Արուեստի կեղծ գործ մը շատ աւելի շեշտակի, շատ աւելի հզօր եւ շատ աւելի տիեզերական է, քան` օրինական գործ մը:

Օրինակ` նկատի ունենանք 1930-ական եւ 1940-ական տարիներու մեծագոյն կեղծողներէն` Հան վան Միկերենի գործերը: Պրետիուս անունով հոլանտացի առաջատար մասնագէտ մը հրապարակած էր այն տեսութիւնը, թէ Եան Վըրմիր ժամանակին գծած է կրօնական նիւթով գեղանկարներ, սակայն ոչ ոք յայտնաբերած է զանոնք: Հետեւաբար Միկերեն սկսած է գծել Պրետիուսի նկարագրած գործերը: Այն իրողութիւնը, թէ այս գեղանկարները երբեք չէին նմաներ Վըրմիրի այն գործերուն, որոնք գոյութիւն ունին, յաւելեալ վստահութիւն ներշնչած են: Վան Միկերեն յայտնաբերած էր անարդարանալի հաւատք ստեղծելու միջոցը: Բոլորս պէտք է շրջահայեաց ըլլանք:

Արուեստի Գործեր Կեղծելը
Բանագողութեան
Չի՞ Նմանիր

Ճոնաթըն Քիթց իր կեանքը կը բաժնէ Միացեալ Նահանգներու եւ Հիւսիսային Իտալիոյ միջեւ: Վերջերս Օքսֆորտ հրատարակչատունէն լոյս տեսած է անոր «Ֆորճտ. ուայ ֆէյքս առ տը կրէյթ արթ աֆ աուր էյճ» գիրքը:

Արհեստավարժութեան առումով, ճիշդ հակառակն է: Բանագողներ կը ստանան այլոց աշխատանքին պատիւը, մինչդեռ արուեստի գործեր կեղծողները իրենց սեփական գործը կը վերագրեն ուրիշներուն: Սակայն երկուքին պարագային ընդօրինակութիւն կայ, հետեւաբար պիտի ըսէի, թէ բանագող մը կրնայ հրաշալի հեղինակ մը ըլլալ, այնպէս, ինչպէս արուեստի գործեր կեղծող մը` հրաշալի արուեստագէտ մը:

Ինչ կը վերաբերի բանագողութեան, հարցը ընդօրինակուած գործը չէ: Ինչպէս արուեստի գործերու կեղծումի պարագային, ինքնին զեղծումն է հարցը. յանդգնութիւնը` խաբելու, եւ ինչ որ նման արարք մը ակամայ ի յայտ կը բերէ մեր հաւաքականութեան մասին:

Օրինակ, երբ Ճօ Պայտըն Միացեալ Նահանգներու նախագահութեան իր ընտրարշաւը կը մղէր 1988-ին, ան բեմի վրայ իր արտասանած խօսքերուն թատերական երանգ մը կու տար` բանագողութիւններ կատարելով Ռոպըրթ Քենետիէն, Հիւպըրթ Համֆրիէն եւ մասնաւորաբար` Բրիտանիոյ Աշխատաւորական կուսակցութեան ղեկավար Նիլ Քինոքէն: Քինոքէն կատարած անոր բանագողութիւնը հարուստ էր, որովհետեւ կը պարունակէր ինքնակենսագրական մանրամասնութիւններ. օրինակ, այն իրողութիւնը, թէ Քինոք սերած էր ածխահանքերու մէջ աշխատաւորներէ: Քինոքի բառերը գողնալով` Պայտըն կը սեփականացնէր անոր կեանքը:

Ի վերջոյ Պայտըն բացայայտուեցաւ. ոչ թէ լրատուամիջոցներու կողմէ, այլ` իրեն մրցակից թեկնածու Մայքըլ Տուքաքիսի ընտրարշաւի ղեկավարին: Այս պատմութեան մէջ յատկանշականը այն է, որ նախագահական թեկնածու մը յաջողած է մարմնաւորել այլ անձ մը, եւ այնքա՛ն համոզիչ կերպով, որ ո՛չ լրագրողները, ո՛չ ալ քուէարկողները նկատած են խաբէութիւնը: Երբ գայթակղութիւնը բացայայտուած է, Պայտընի բանագողութիւնը ցոյց տուած է, թէ ի՛նչ աստիճանի դերասաններ են քաղաքագէտները եւ թատերական ներկայացումներ են ընտրարշաւները:

Ինչպէ՞ս Կարելի Է Օգտուիլ…

Իսկ ի՞նչ պատկեր պիտի պարզէր արուեստի աշխարհ մը, որ արժէք կու տայ եւ կը քաջալերէ արուեստի գործերու կեղծումը:

Հարցը արուեստի աշխարհին մէջ զեղծարարութեան զօրակցիլը չէ, այլ` գնահատելն է զեղծարարներուն իրագործումները եւ աւելի լաւ օգտուիլ անոնցմէ, քան` իրե՛նք կեղծողները: Նպատակը արուեստը աւելի ինքզինք պարտադրող եւ աւելի մեծ թիւով անձերու հասանելի դարձնելն է:

Նշանները արդէն կը տեսնենք, թէեւ հազուադէպօրէն թանգարաններու մէջ կամ` պատկերասրահներու: Յայտնապէս պատերը խծբծող արուեստագէտները, ինչպէս` Պենքսի, համոզիչ ըմբոստութիւն մը կ՛արտայայտեն, ընդունելի  սահմաններէն շատ հեռու գործելով, հետեւաբար նոյնինքն այս ձեւով աւելի լայն ուշադրութիւն հրաւիրելով հարցերու վրայ, զորս շատեր պիտի չուզէին նկատել: Իսրայէլեան-պաղեստինեան շրջանները իրարմէ բաժնող պատին վրայ Պենքսիի քաղաքական ակնարկութիւններով զսպանակուած որմնանկարները ուժեղ օրինակներ են, մասնաւորաբար այն պատճառով, որ Պենքսի զանոնք գծած է` խախտելով իսրայէլեան ապահովական միջոցառումները: Անոր արուեստի ապօրինի գործը ցոյց կու տար, թէ պատուարներ բարձրացնելը ոչ միայն անմարդկային է, այլ նաեւ` ապարդիւն:

Այսուհանդերձ, ստեղծագործական անպարկեշտութեան ամէնէն աշխուժ մարզը հաւանաբար արհեստագիտական նոր միջոցներու օգտագործումն է, որ երբեք չէ յաջողած յարմար ձեւով ինքզինք տեղադրել թանգարաններու մէջ: Երկու արուեստագէտներ` Ճիւլիըն Օլիվըր եւ Տանիա Վասիլիեւ իրենց «Նիուզուիք» գործով ապացուցած են, թէ ինչպէ՛ս արուեստի գործ մը կրնայ մեծ խռովութիւն յառաջացնել: «Նիուզուիք»-ի գաղափարը կախարդական կերպով պարզ է. արուեստագէտները շինած են գործիք մը, որ կրնայ գրադարանի մը կամ սրճարանի մը մէջ ճեղքել համացանցի կապի հասողութիւնը եւ հեռուէն փոփոխութիւններ կատարել հոն նստած եւ համացանցի վրայ նաւարկող անձերուն բացած էջերուն մէջ: Օրինակ, արուեստագէտները կրնան փոփոխութեան ենթարկել խորագիրներ, շրջել յօդուածներ` լրատուական ցանցերու մէջ: Ուրեմն, եթէ այս տողերը կը կարդաք հանրային վայրի մը մէջ, յանկարծ անոնք կրնան ինծի չպատկանիլ:

Արուեստը պէտք է նման անձկութիւն պատճառէ:

 

Share this Article
CATEGORIES