Համշէնահայութեան Մասին Դասախօսութիւն Դպրեվանքի Մէջ
Շաբաթ, 4 մայիս 2013-ի երեկոյեան ժամը 7:30-ին, Հայկազ Ալվրցեան այցելեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան դպրեվանք եւ «Անոնք ալ հայ են» խորագիրին տակ ներկայացուած դասախօսութեամբ խօսեցաւ համշէնահայութեան մասին:
Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Յովհաննէս սրկ. Թէփիրճեան, որ հակիրճ կերպով ներկայացուց դասախօսը:
Յայտագիրի առաջին բաժինով դպրեվանեցիներ տեսերիզով ծանօթացան համշէնահայութեան աւանդութիւններուն եւ բարքերուն: Տեսերիզը ընդհանուր կերպով կը պատկերացնէր «իսլամացած» հայերու մշակոյթն ու հայկական արմատներուն կապուածութիւնը:
Ապա բեմ հրաւիրուեցաւ դասախօսը, որ առաւելաբար համշէնահայութեան հոգեւոր ծարաւին մասին խօսեցաւ` ըսելով. «Դուք հոգեւորականներդ էք, որ պիտի օգնէք եւ դարման գտնէք համշէնահայերու հոգեւոր ծարաւին յագեցման. անոնք թէեւ արտաքնապէս «իսլամացած» են, սակայն հոգեպէս քրիստոնեայ կը մնան»:
Փակման խօսքը կատարեց դպրեվանքի հսկիչներէն` Գարեգին աբղ. Շխրտըմեան, որ տեսչութեան եւ սաներուն անունով իր խորին շնորհակալութիւնը յայտնեց դասախօսին եւ դպրեվանեցիները հրաւիրեց հայաբար ապրելու իրենց գտնուած միջավայրերուն մէջ:

