Մայրերու Տօնին Նուիրուած Հանդիսութիւն Ազգային «Յառաջ» Մանկապարտէզին Մէջ
Կազմակերպութեամբ Ազգային «Յառաջ» մանկապարտէզին, ուրբաթ, 3 մայիսին, երեկոյեան ժամը 5:00-ին, Այնճարի «Գալուստ Կիւլպէնկեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Մայրերու տօնին նուիրուած հանդիսութիւն:
Հանդիսութեան բացումը կատարեց մանկապարտիզպան Լենա Սթամպուլեան, որ լուսարձակի տակ առաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսին «Հայ մօր տարի» հռչակման խորհուրդը, ուր բոլոր մայրերուն թափած աշխատանքի արդար վաստակը մեծ գնահատանքի արժանանալով` կը դառնայ գուրգուրանքի ու վեհ զգացումներու աւիշ:
Ան մանկապարտէզի ուսուցիչներուն անունով խոստացաւ, թէ իրենք պատրաստ են ծաղկեցնելու ծնողներուն ցանած բոլոր հունտերը:
Ան իր խօսքը երախտագիտական զգացումներով փակելէ ետք, բեմ հրաւիրեց մանկապարտէզի փոքրիկները, որոնք քաղցր լեզուով ու անմեղ ժպիտներով ներկայացուցին արտասանութիւններ, երգեր, պարեր ու մայրերուն նուիրուած խօսքեր հետեւեալ հերթականութեամբ` ծիլ դասարանի փոքրիկները արտասանեցին «Մայրիկ, մայրիկ անուշիկ…», բողբոջ դասարանը` «Մայրիկ, մայրիկ, դուն բարի ես…», կոկոնը եւ բողբոջը երգեցին «Այ լաւ մամի»-ն երգը, կոկոն դասարանը արտասանեց «Փոքրիկ մանուկ», ծաղիկը` «Մանա էնթի հայաթի», կոկոն եւ ծաղիկ դասարանները միասնաբար երգեցին «Մայրիկ այսօր տօնն է քո…», «Մտիր գիւղ աւան…» եւ «Գարնան երգ» երգերը, եւ ծաղիկ դասարանի երգով, պարով ու մայրերուն ուղղուած հոգելից խօսքերով վերջ գտաւ փոքրիկներուն ներկայացումը:
Օրուան պատգամախօսը` Յակոբ Լատոյեան, վեր առնելով մայրութեան վեհ գաղափարը, անոր տուաւ համամարդկային եւ ազգային հիմնական պատասխանատուութիւններու յատկանիշները:
Ներկայացնելով համամարդկային առաքինութիւններու փարոս հանդիսացող հայ մօր դերակատարութիւնը` Յ. Լատոյեան հարց տուաւ, թէ ինչո՛ւ արժանաւորապէս պէտք է տօնենք մայրերու տօնը: Ապա հաստատեց, որ եթէ մանուկ մը զրկուի մօր գուրգուրանքէն, ան չի կրնար ունենալ հոգեմտաւոր զարգացում ու վտանգ կը հանդիսանայ իր շրջապատին:
Շարունակելով իր հաստատումը` ան ըսաւ, թէ մայրը` սուրբ էակ է, մեր կեանքի յաջողութիւններու եւ ձախողութիւններու պսակը, արժանի է երախտագիտութեան, որուն պրիսմակէն դիտուած անկէ պէտք է սորվինք անանձնական նուիրում: Իսկ եթէ պակսի մօր հանդէպ երախտագիտութիւնը` ինքնաբերաբար կ՛ոչնչանայ մարդկային արժէքներու հանդէպ յարգանքի զգացումը, նշեց ան:
Անցնելով մօր ունեցած ազգային դերակատարութեան` Յ. Լատոյեան ըսաւ, որ մենք իբրեւ հաւաքականութիւն նպատակ ունինք եւ հայ մայրը կը հանդիսանայ հայկականութեան պահպանման անմար օճախը: Ան թելադրեց, որ ներկաները չնմանին այն մայրերուն, որոնք իրենց մանուկներուն ձեռքէն բռնած զանոնք կ՛առաջնորդեն օտար դպրոց, այսինքն` դէպի օտարամոլութիւն եւ ձուլում:
Ան հաստատեց, որ աչալուրջ ու բծախնդիր հայ մայրը ջահակիրն է հայախօս ու Հայ դատին նուիրուած պայքարող սերունդին:
Եւ վերջապէս, յարգանքի խօսք ուղղելով հայ մայրերուն` ան ըսաւ. «Մենք կը խոնարհինք այն մայրերուն առջեւ, որոնք կրցած են պահպանել իրենց ընտանիքին հայեցի դիմագիծը»: Յակոբ Լատոյեան իր խօսքը եզրափակեց մէջբերելով Արամ Հայկազի հետեւեալ խօսքը. «Մայրը, զաւակին առաջին տարիներուն ձեռքով կը բռնէ, իսկ սրտով` յաւիտեան»:
Վարժարանի տնօրէնութեան կողմէ օրուան պատգամախօսին յանձնուեցան Այնճարի բարբառով իմաստասիրական գեղեցիկ ասացուածք մը կրող նշանակ մը:
Ապա շարունակելով գեղարուեստական յայտագիրը, բեմ բարձրացաւ Ժ. դասարանի աշակերտուհի Շաղիկ Հապէշեան, որ ջութակի վրայ նուագեց դասական երաժշտական կտոր մը, ապա Բ. դասարանի աշակերտ Յակոբ Թասլաքեան արտասանեց «Մօր սիրտը», Ե. եւ Զ. դասարաններու աշակերտները ներկայացուցին «Նարէ» եւ «Չաչանէ» ազգագրական պարերը:
Հանդիսութեան աւարտին յատուկ յարգանքի արժանացան վարժարանի Ծնողաց խորհուրդի տիկինները, որոնք մօր նման անշահախնդրօրէն կ՛աշխատին ի շահ աշակերտութեան ու վարժարանի զարգացման:
Տիկինները միասնաբար կատարեցին կարկանդակի հատումը, տեղի ունեցաւ նաեւ փաուըր փոյնթի ներկայացում:
Իսկ հիւրասիրութեան ընթացքին մանկապարտէզի փոքրիկները իրենց մայրերուն պատկերը կրող բացիկներ նուիրեցին անոնց:

