Ակնարկ. ՔԱԿ-ի Զինեալներուն Թուրքիայէն Հեռացումը Պաղտատի Մօտ Մտավախութիւններ Կը Ստեղծէ
ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ
Իրաքի արտաքին գործոց նախարարութիւնը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով` մերժեց Թուրքիոյ եւ ՔԱԿ-ի միջեւ գոյացած համաձայնութեան ծիրին մէջ ՔԱԿ-ի զինեալներուն դէպի իրաքեան հողամասեր հեռանալը: Նախարարութիւնը նշեց, որ` «պահպանելու համար իրաքեան հասարակութիւնն ու անոր կայունութիւնը, ինչպէս նաեւ յարգելով բարիդրացնութեան ու այլ երկիրներու ներքին հարցերուն չմիջամտելու սկզբունքները, իրաքեան կառավարութիւնը չ՛ընդունիր իրաքեան հողամասեր մուտք գործելը զինեալ խմբաւորումներու, որոնք կրնան օգտագործուիլ երկրին ապահովութեան ու կայունութեան կամ մօտակայ երկիրներու ապահովութեան, կայունութեան եւ շահերուն վնասելու»:
Պաղտատի ընդվզումը առաջին հերթին կը բխի այն արտառոց իրողութենէն, որ հարեւան երկիրի մը մէջ զինեալ ներքին պայքարի մը երկու կողմերը իրենց այդ հարցը լուծելու համար գոյացուցած են երկկողմանի համաձայնութիւն մը, ըստ որուն, ոչ պետական կողմը դէպի այլ երկիր մը կը հեռանայ` առանց նշեալ վերջինիս կառավարութեան արտօնութեան կամ նոյնիսկ անոր հետ խորհրդակցութեան: Սակայն հարցը միայն Իրաքի կառավարութեան անտեսումը չէ. Պաղտատ ունի այն մտավախութիւնը, որ ՔԱԿ-ի զինեալները օգտագործուին Քերքուքի նման ներիրաքեան հարցեր «լուծելու» համար կամ իրաքեան հողամասերը իբրեւ տարանցիկ տարածք օգտագործելով ուղղուին դէպի Սուրիա: Շիիներու վերահսկողութեան տակ գտնուող իրաքեան կառավարութիւնը ունի այն մտավախութիւնը, որ ՔԱԿ-ի զինեալները, որոնք մարտական լայն փորձառութիւն ունին, ամրապնդեն Հիւսիսային Իրաքի քրտական ինքնավար շրջանի ռազմական ուժը եւ շրջանը առաւել ինքնավստահ ու ինքնագլուխ դարձնեն: Այս բոլորը անշուշտ նաեւ յարանուանական «նեղ» հաշիւներէ կը բխին: Այս առումով, Պաղտատի մեծագոյն մտավախութիւնը թրքական միջնորդութեամբ քիւրտ-սիւննի դաշինքի մը հեռանկարն է: Բան մը, որ անհիմն չէ, որովհետեւ Անգարա Իրաքի սիւննիներուն մօտ բարձր հեղինակութիւն կը վայելէ, իսկ քրտական հարցի լուծման ներկայ տարազը` Հիւսիսային Իրաքի մէջ թրքական ազդեցութեան ուռճացման ցուցանիշն է:
Ինքզինք կատարուած իրողութեան մը առջեւ գտնող իրաքեան կառավարութիւնը Թուրքիոյ մէջ քրտական հարցի լուծումը կ՛ողջունէ, սակայն այդ դրական երեւոյթ ունեցող խօսքերուն մէջ տողատակի «սլաքներ» կ՛ուղղէ Անգարային, երբ կը յայտնէ, որ իրենք կ՛ողջունեն այդ հարցի «որեւէ քաղաքական եւ խաղաղ լուծում` վերջ տալու համար արիւնահեղութեան եւ երկու կողմերուն միջեւ բռնարարքներու ոլորապտոյտին, ինչպէս նաեւ ներքին տագնապին` ժողովրդավարական ուղեգիծ որդեգրելով». այլ խօսքով, նոյն հարթակին վրայ կը դնէ թրքական պետութիւնն ու վերջինիս կողմէ ահաբեկչական կազմակերպութիւն նկատուող ՔԱԿ-ը` զանոնք հաւասարապէս մասնակից նկատելով երկրին մէջ «բռնարարքներու ոլորապտոյտին»: Աւելի՛ն, ան կ՛ընդգծէ, որ Թուրքիոյ մէջ քրտական հարց մը գոյութիւն ունի, բան մը, որ Անգարա կը հերքէ, եւ ատկէ մեկնելով` տողատակի Թուրքիան կ՛ամբաստանէ այդ հարցի լուծման համար «ժողովրդավարական ուղեգիծ» չորդեգրելուն համար:
Իրաքեան այս հակադարձութիւնը, սակայն, խօսքի սահմաններուն մէջ կը մնայ եւ գործնական գետնի վրայ որեւէ արժէք չունի, բայց եւ այնպէս կու գայ արաբական հանրութեան ուշադրութիւնը հրաւիրելու այն իրողութեան վրայ, թէ Թուրքիա թքած ունի հարեւան երկիրներու գերիշխանութեան վրայ եւ իր հարցերը լուծելու համար չի վարանիր այլ երկիրներու խնդիրները բարդացնելու:

