Իվանիշվիլի Վրաստանի Մէջ Բացումը Կատարած Է Հայտար Ալիեւի Յուշարձանին Եւ Խոստացած Ազրպէյճանցի Նախարար Մը Նշանակել
Ազրպէյճանի նախկին նախագահ Հայտար Ալիեւի ծննդեան 90-ամեակին առիթով ձեռնարկ տեղի ունեցած է նաեւ Վրաստանի մէջ: Վրացական եւ ազրպէյճանական լրատուամիջոցներ կը հաղորդեն, որ Ռուսթաւի քաղաքին մէջ կատարուած է Հայտար Ալիեւի անունը կրող զբօսայգիի մը բացումը, որուն մասնակցած են ազրպէյճանցի եւ վրացի շարք մը պաշտօնատարներ, ներառեալ Վրաստանի վարչապետ Պիծինա Իվանիշվիլին, որ խօսք առնելով` յայտարարած է, որ վրաց-ազրպէյճանական յարաբերութիւններու զարգացման գործին մէջ իր մեծ ներդրումն ունեցած է Հայտար Ալիեւը:
«Հպարտութեամբ կ՛ուզեմ նշել, որ Ազրպէյճանը մեր ռազմավարական գործընկերն է… Ինքնին Հայտար Ալիեւի շնորհիւ է, որ ազրպէյճանական քարիւղը այսօր կը հոսի Վրաստանի տարածքով: Պաքու-Թիֆլիս-Ճէյհան քարիւղատար խողովակի ծրագիրը կեանքի կոչուեցաւ անոր յամառ դիրքորոշման շնորհիւ: Այդ ժամանակ այլընտրանքային տարբերակներ կային, սակայն որովհետեւ Հայտար Ալիեւ բարձր կը գնահատէր երկու երկիրներու բարեկամական յարաբերութիւնները, ան նախընտրեց այս ուղին… Մենք այս յուշարձանը բանալով` միայն պրն. Ալիեւի յիշատակը չենք յարգեր, այս յուշարձանը կը բացուի նաեւ ի պատիւ վրացի եւ ազրպէյճանցի ժողովուրդներու բարեկամութեան», յայտարարած է Իվանիշվիլի:
Վրաստանի վարչապետը շարունակելով շնորհակալութիւն յայտնած է Ազրպէյճանին` Վրաստանին արտօնեալ պայմաններով կազ վաճառելուն համար: «Կազը, զոր այսօր Վրաստանի բնակչութիւնը կը սպառէ, ձեռք կը բերուի Ազրպէյճանէն` փոխզիջումային գինով: Ատոր համար ես անձամբ շնորհակալութիւն կը յայտնեմ Իլհամ Ալիեւին», նշած է ան:
Ըստ ԱՓԱ լրատու գործակալութեան, Վրաստանի վարչապետը աւելի ուշ լրագրողներուն հետ ունեցած հանդիպումին ընթացքին խոստացած է, որ վրաստանաբնակ ազրպէյճանցիները երկրին մէջ աւելի բարձր պաշտօններ պիտի գրաւեն: «Ազրպէյճանցի մասնագէտներու պէտք ունիմ», ըսած է ան եւ աւելցուցած. «Ես խոստացած էի, որ վարչապետի օգնականներէն կամ խորհրդականներէն մէկը ազրպէյճանցի պիտի ըլլայ: Այժմ, սակայն, կ՛ուզեմ նշել, որ մտադիր եմ «Վրացական երազանք» դաշինքի ազրպէյճանցի անդամներէն մէկը նշանակել նախարարի պաշտօնին վրայ: Մենք այդ ուղղութեամբ լրջօրէն կ՛աշխատինք, կը քննարկենք որոշ թեկնածուներ»:


