Ուաշինկթըն Աքսայի Մզկիթին Շուրջ Լարուածութեան Գծով Մտահոգութիւն Կը Յայտնէ Եւ Ինքնազսպումի Կոչ Կ՛ուղղէ

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Փաթրիք Վենթրէլ յայտնեց, որ Ուաշինկթըն մտահոգ է Աքսայի մզկիթին շուրջ տիրող լարուածութենէն, ներառեալ Երուսաղէմի միւֆթի շէյխ Մուհամետ Հիւսէյնի ձերբակալութենէն եւ կոչ ուղղեց` ինքնազուսպ ըլլալու եւ գրգռիչ արարքներէ հեռու մնալու:

«Իմացանք, որ (շէյխը) ազատ արձակուեցաւ, սակայն կողմերուն կոչ կ՛ուղղենք այդ վայրին սրբութիւնը յարգելու, ինքնազսպութիւն ցուցաբերելու եւ գրգռիչ արարքներէ հեռու մնալու», ըսաւ ան:

Կազայի մէջ կառավարութեան վարչապետ Իսմայիլ Հանիյէ ողջունեց Ամմանէն իսրայէլեան դեսպանը վտարելու որոշումը որդեգրելու յորդանանեան խորհրդարանի կեցուածքը: Իսլամ հոգեւորականներու համաշխարհային համադաշնակցութեան նախագահ, ազդեցիկ կրօնաւոր, շէյխ Եուսեֆ Քարտաուիին Կազայի մէջ ընդունելութեան ընթացքին վերահաստատեց` «Իսրայէլը չճանչնալու կեցուածքին կառչած մնալը»:

Յորդանանի մէջ Իսրայէլի դեսպան Տանիէլ Նիվօ «Իսրայէլեան» ձայնասփիւռի կայանին յայտնեց, որ տասնեակ մը ցուցարարներ չորեքշաբթի օր փորձած են իսրայէլեան դեսպանատան մօտենալ, սակայն յորդանանեան ապահովական ուժերը արգելք հանդիսացած են: Ան նշեց, որ չորեքշաբթի օր հանդիպում ունեցած է Յորդանանի ներքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Հիւսէյն Մաժալիի հետ եւ քննարկած Աքսայի մզկիթին շուրջ տիրող կացութիւնը: Ան վստահեցուց, որ «Իսրայէլի եւ Յորդանանի միջեւ յարաբերութեանց մէջ փոփոխութիւն չկայ»:

Խումբ մը ցուցարարներ երէկ Ամմանի մէջ Իսրայէլի դեսպանատան առջեւ նստացոյց մը կատարեցին` իբրեւ բողոք Երուսաղէմի մէջ վերջին իրադարձութեանց:

Երուսաղէմի միւֆթի շէյխ Մուհամետ Հիւսէյն, որ իսրայէլեան ապահովական ուժերուն կողմէ վեց ժամ հարցաքննուելէ ետք չորեքշաբթի օր ազատ արձակուած էր, երէկ յայտնեց, որ Երուսաղէմի բնակիչները կառչած կը մնան Աքսայի մզկիթն ու Երուսաղէմի անեղծ հողը պաշտպանելուն` աւելցնելով, որ պաղեստինցիները իրաւունք ունին իրենց հողերուն վրայ մնալու:

Ան ընդգծեց, թէ «այն, ինչ որ բնակեցուածները կ՛ընեն բռնագրաւում է եւ սրբազան վայրերու պղծում»:

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )