«Ասատ Չի Կրնար Փոխանցման Կառավարութեան Մաս Կազմել» Կ՛ըսէ Քերրի
Սպիտակ տան բանբեր Ճէյ Քառնի յայտնեց, որ Սուրիոյ ապագան չի կրնար նախագահ Պաշշար Ասատը ներառել` նշելով, որ Ասատ իր օրինականութիւնը ամբողջովին կորսնցուց եւ պէտք է իշխանութենէն հեռանայ, իսկ սուրիացի ժողովուրդը պէտք է բանակցի փոխանցման վարչական մարմինի մը կազմութեան եւ վարչակարգի տարրերուն շուրջ:
Պատասխանելով այն հարցումին, թէ չորեքշաբթի Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերրիի այն յայտարարութիւնը, թէ Ասատի հեռացումը սուրիացի ժողովուրդին ձգուած է, արդեօք Ասատի նկատմամբ Միացեալ Նահանգներու քաղաքականութեան փոփոխութի՞ւն մըն է` ան ըսաւ. «Կը կարծեմ, թէ ան արտայայտեց այն տեսակէտը, որ միշտ յայտնած ենք` թէ Ասատ չի կրնար ապագային Սուրիոյ ղեկավար ըլլալ, եւ թէ ան պէտք է հեռանայ. այդ է նաեւ սուրիացի ժողովուրդին կարծիքը»:
Աւելի ուշ Քերրի իր կարգին Յորդանանի արտաքին գործոց նախարար Նասեր Ժաուտաթի հետ իր հանդիպումէն առաջ յայտարարեց, որ «Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ չի կրնար սուրիական փոխանցման կառավարութեան մաս կազմել»:
«Բոլոր կողմերը աշխատանք կը տանին երկու կողմերուն միջեւ փոխհասկացողութեամբ փոխանցման կառավարութիւն մը կազմելու եւ ատիկա, ըստ մեզի, կը նշանակէ, թէ նախագահ Ասատ փոխանցման այդ կառավարութեան մասնակից պիտի չըլլայ»:
Ռուս–Ամերիկեան Համաձայնութեան
Զօրակցող Կեցուածքներ
Արաբական լիկայի ընդհանուր քարտուղար Նապիլ Արապի սուրիական կառավարութեան, ընդդիմադիր Ազգային համաձայնական մարմինին եւ ամբողջ սուրիական ընդդիմութեան կոչ ուղղեց` «ընդառաջելու միջազգային խորհրդաժողով կազմակերպելու ռուս-ամերիկեան ջանքին»` պահանջելով, որ անոնք գործադիր ամբողջական լիազօրութիւն ունեցող կառավարութեան մը կազմութեան համար օգտուին այս առիթէն:
Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը` «մեկնելով ՄԱԿ-ի ուխտին եւ միջազգային օրէնքի կանոններուն վրայ հիմնուած ռուսական կեցուածքի տոկուն ըլլալուն իր համոզումէն», ողջունեց Սուրիոյ տագնապի հարցին շուրջ ռուս-ամերիկեան մերձեցումը:
Նշենք, որ սուրիական «Ուաթան» օրաթերթը երէկ հաղորդեց, որ սուրիական պաշտօնական աղբիւր մը «զգուշաւոր լաւատեսութիւն» յայտնած է ռուս-ամերիկեան համաձայնութեան նկատմամբ:
Չինաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Հուա Չուն Եինկ յայտնեց, որ իր երկիրը կ՛ողջունէ «սուրիական տագնապի խաղաղ լուծման ջանքերը յառաջ մղելու միտող ռուս-ամերիկեան համաձայնութիւնը»:
Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքականութեան բարձրագոյն յանձնակատար Քաթրին Էշթըն ամբողջական զօրակցութիւն յայտնեց Սուրիոյ վերաբերեալ կարելի եղածին չափ շուտ միջազգային խորհրդաժողով մը գումարելու ռուս-ամերիկեան հրաւէրին: Ան ըսաւ, որ Սուրիոյ տագնապը շատ վտանգաւոր է եւ տարածաշրջանին համար հետեւանքներ պիտի ունենայ:
Միւս կողմէ` Յորդանանի վարչապետ Ապտալլա Նսուր նշեց, որ «սուրիական կացութիւնը շատ բարդ է, մասնաւորաբար Դամասկոսի դէմ իսրայէլեան վերջին յարձակումներէն ետք»:
Ան յայտնեց, որ սուրիական տագնապը չմիջազգայնացնելու վերաբերեալ ճիգերը իրենց հունէն դուրս եկան, եւ իր երկիրը մտավախութիւն ունի այն մասին, որ այլեւս Սուրիոյ դէմ ռազմական միջամտութիւն մը եւ Սուրիոյ իրարու դէմ ճակատող յարանուանական փոքր պետութեանց մասնատուելու հաւանականութիւնը առկայ է:
Նսուր յայտնեց, որ «վերջին օրերուն սուրիական տագնապին մէջ բազմաթիւ ազդակներ մուտք գործեցին, եւ կացութիւնը այլեւս այն չէ ինչ որ էր երկու շաբաթ առաջ»:


