5 Ազրպէյճանցիներ Իրանի Մէջ 9 Տարուան Բանտարկութեան Դատապարտուած Են

Ազրպէյճանական «Հաքքին.ազ» կայքէջը կը հաղորդէ, որ Իրանի Թաւրիզ քաղաքի շրջանային դատարանը Հարաւային Ազրպէյճանի Ազգային զարթօնքի շարժում կազմակերպութեան ղեկավար Լիաթիֆ Հասանին եւ անոր չորս գործընկերները 9 տարուան բանտարկութեան դատապարտած է:

Ազրպէյճանցիները մեղաւոր ճանչցուած են «ապօրինի խմբաւորում ստեղծելու եւ Իրանի իսլամական հանրապետութեան դէմ քարոզչութիւն իրականացնելու համար»: Անոնց մեղադրանքին առնչութեամբ այլ մանրամասնութիւններ չեն հաղորդուիր:

Հարաւային Ազրպէյճանի Ազգային զարթօնքի շարժում կազմակերպութիւնը ստեղծուած է 1995-ին եւ կը պայքարի միացեալ ազրպէյճանական պետութեան ստեղծման համար:

Share this Article
CATEGORIES