Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ նախագահ Նեպիհ Պըրրի Այն Թինէի մէջ հանդիպում ունեցաւ նախկին նախարար Ժան Օպէյտի հետ, որուն անոր հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները:
ՀՐԱԺԱՐԵԱԼ վարչապետ Նեժիպ Միքաթի եւ նախկին վարչապետ Ֆուատ Սինիորա հաստատեցին, որ իրենք պիտի չմասնակցին խորհրդարանի լիագումար նիստին, եթէ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի կողմէ Ուղղափառ հանդիպումին մշակած ընտրական օրինագիծը ներկայացուի:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ բանակի գաղտնի սպասարկութիւնը անցեալ շաբաթավերջին ձերբակալեց ահաբեկչական վտանգաւոր ցանց մը, որ Քայիտայի հետեւորդ է, եւ որուն մաս կը կազմեն լիբանանցիներ ու սուրիացիներ, որոնք ընդհանրապէս կը բնակին Արսալի, Այն Հելուէի եւ Թրիփոլիի մէջ:
«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթին համաձայն, լիբանանեան բանակի հանգստեան կոչուած սպաներէն մէկը Թրիփոլիի մէջ կը պատրաստէ զինեալ խմբաւորումներ, որոնք աւելի ուշ կ՛ուղղուին Սուրիա` ճակատելու սուրիական բանակին դէմ:
«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթին համաձայն, Աքքարի մէջ հսկայ տարածութեամբ հողաշերտ մը գնելու մասին շշուկներ կան: Կը նախատեսուի, որ այդ տարածքը օգտագործուի ահաբեկչական բջիջներ մարզելու նպատակով:
ԸՆԿԵՐՎԱՐ յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ Շուֆի մէջ Ժորժ Ատուանի եւ Տորի Շամունի հետ դաշնակցելու մասին հարցումի մը պատասխանելով` ըսաւ. «Քարիթասը փակեցինք», այլ խօսքով` ընտրական բարիքներու բաշխումը պիտի դադրեցնէ:
ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան երեսփոխան Էլի Մարունի յայտնեց, որ երեսփոխանական ընտրութիւնները յառաջիկայ յունիսին կատարելը անկարելի է, որովհետեւ ժամանակը կը ճնշէ բոլորին վրայ:
ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ երեսփոխան Միշել Մուսա յայտնեց, որ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի տակաւին երեսփոխաններուն չէ բաժնած լիագումար նիստին յատուկ օրակարգը, որ կ՛ընդգրկէ ընտրական օրէնքին թղթածրարը:
ՆԱԽԿԻՆ նախարար Խալիլ Հըրաուի յայտնեց, որ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի համար խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի ներկայացուցած ընտրական խառն օրինագիծը ամէնէն տրամաբանականն է:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ամմար Հուրի յայտնեց, որ ընտրական խառն օրինագիծը միակն է, որ կրնայ կեանքի կոչուիլ: Ան մերժեց Ուղղափառ հանդիպումին մշակած օրինագիծը` շեշտելով, որ իրենք կը մերժեն Թաէֆի համաձայնագիրին եւ սահմանադրութեան խախտումին սուտ վկաները ըլլալ:
ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ դիւանագէտներու համաձայն, Սուրիոյ տագնապը արդէն իսկ սկսած է իր հետեւանքները ունենալ Լիբանանի վրայ:
«ՇԱՐՔ ԱՈՒՍԱԹ». «Քրիստոնեայ քաղաքական ուժերը տակաւին կառչած կը մնան Ուղղափառ հանդիպումին մշակած ընտրական օրինագիծին նկատմամբ իրենց կեցուածքին»:
ԸՍՏ «Ախպար» օրաթերթին, քաղաքական բոլոր տուեալները կը հաստատեն, որ վարչապետ Թամմամ Սալամ կ՛ուղղուի կազմելու կատարուած իրողութեան կառավարութիւն մը:
ԿԵՆՍՈԼՈՐՏԻ նախարարի պաշտօնակատար Նազեմ Խուրի յայտնեց, որ Լիբանանեան ուժեր եւ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութիւններուն միջեւ մերձեցումը իր ազդեցութիւնը պիտի չունենայ Ուղղափառ հանդիպումին մշակած օրինագիծին դէմ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի կեցուածքներուն վրայ:
ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Նաժի Ղարիոս շեշտեց, որ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի ընդգծած է ընտրական օրէնքը կառավարութեան կազմութենէն առաջ վաւերացնելու անհրաժեշտութիւնը:
ԲՐԻՏԱՆԱԿԱՆ դիւանագիտական աղբիւրներ կ՛ակնկալեն, որ Հըզպալլա Իսրայէլի դէմ զինուորական գործողութիւն մը կատարէ:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ պլոքի երեսփոխան Նուհատ Մաշնուք յայտնեց, որ իրենք մաս պիտի չկազմեն կառավարութեան մը, որուն մէջ Հըզպալլան ներկայացուած է, բացի եթէ ան որոշէ հեռանալ Սուրիայէն:
ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան ղեկավար Ամին Ժեմայէլ երէկ մեկնեցաւ Հռոմ:
ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ ընդհանուր քարտուղարի տեղակալ շէյխ Նայիմ Քասեմ յայտնեց, որ Սուրիոյ մէջ կատարուածը Իսրայէլի եւ Դիմադրութեան ծրագիրներուն միջեւ բախում մըն է:
ՆԱԽԿԻՆ նախարար Ալպեր Մանսուր շեշտեց, որ Լիբանանի մէջ ներկայիս արձանագրուած տագնապը քաղաքական առումով գրեթէ հաւասար ուժերու միջեւ արձանագրուած բախում մըն է:
ՄԱՐՏ 14-ի քաղաքական ուժերու ընդհանուր քարտուղարութիւնը հաստատեց, որ Լիբանանի ազգային շահերը կը պահանջեն կազմել չէզոք կառավարութիւն մը:
ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Զիատ Ասուատ յայտնեց, որ ժողովրդավարութեան ճշգրիտ գործադրութիւնը լիբանանեան պետութեան կերտումին հիմնասիւներէն է:
ՆԵՐՔԻՆ գործոց նախարարի պաշտօնակատար Մարուան Շարպել կոչ ուղղեց` քննարկելու 1960-ի ընտրական օրէնքը եւ զայն փոփոխութեան ենթարկելու` բարելաւելու համար ներկայիս քրիստոնեայ համայնքին դիմագրաւած պայմանները:
ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Նաուաֆ Մուսաուի յայտնեց, որ տակաւին որոշ բանակցութիւններ եւ խորհրդակցութիւններ պիտի կատարուին` ընտրական օրէնքի մը յանգելու համար:
ՇԷՅԽ Աֆիֆ Նապուլսի յայտնեց, որ Դիմադրութիւնը արաբ ազգին հիմքն է, եւ առանց անոր ազգը ապագայ չունի:
ԱՍՈՐԻՆԵՐՈՒ լիկայի նախագահ Հապիպ Աֆրամ խստիւ դատապարտեց Հալէպի մէջ երկու առաջնորդներուն առեւանգումին նկատմամբ ամբողջ աշխարհին ցուցաբերած լռութիւնը:
ԱԶԳԱՅԻՆ ազատականներու կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Տորի Շամուն յայտնեց, որ Ուղղափառ հանդիպումին մշակած ընտրական օրէնքը Լիբանանը կը վերածէ համայնքային պետութեան մը, որմէ կրնայ օգտուիլ միայն Իսրայէլը:

