Մանսուր Ապատիէն Ստացաւ Իրանեան Նամակ Մը

Արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Ատնան Մանսուր երէկ Պուսթրոս պալատին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Իրանի դեսպան Ղատանֆար Ապատին, որ Մանսուրի յանձնեց նամակ մը` Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ալի Աքպար Սալիհիէն:

Նամակը կ՛անդրադառնայ շրջանային իրադարձութիւններուն:

Հանդիպումին ընթացքին Մանսուր ու Ապատի քննարկեցին շրջանային եւ միջազգային զարգացումները, ինչպէս նաեւ երկկողմանի գործակցութիւնը ամրապնդելու հեռանկարները:

Մանսուր ընդունեց նաեւ Լիբանանի մէջ Թուրքիոյ դեսպան Ինան Էօզեըլտըզը, որ մեկնեցաւ` մերժելով մեկնաբանութիւններ կատարել:

Միւս կողմէ, Մանսուր հարցազրոյցի մը ընթացքին հաստատեց, որ Լիբանանի կողմէ որդեգրուած չէզոք քաղաքականութիւնը իմաստուն էր եւ յաջողեցաւ Լիբանանը փրկել սուրիական ցնցումներէն:

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )