«Կառավարութիւն Կազմելու Առումով Աւելի Երկար Պիտի Չսպասեմ» Ընդգծեց Վարչապետ Սալամ
Վարչապետ Թամմամ Սալամ երէկ շեշտեց, որ ինք կառչած կը մնայ այն սկզբունքներուն, որոնց մասին նախապէս յայտարարած է:
Ան ընդգծեց, որ այդ սկզբունքներէն են համերաշխ կառավարութիւն մը կազմելու իրականութիւնը, ինչպէս նաեւ ազգային շահերուն ծառայութեան կառավարութիւն մը ունենալու անհրաժեշտութիւնը, յատկապէս Լիբանանի շրջանցած այս զգայուն հանգրուանին, որպէսզի կարելի ըլլայ նաեւ կայացնել երեսփոխանական ընտրութիւնները:
Սալամ հաստատեց, որ լիբանանեան քաղաքական տարբեր ուժերու հետ հեռաձայնային հաղորդակցութիւնները առկայ են, եւ աւելցուց, որ կառավարութիւն կազմելու առումով ինք աւելի երկար պիտի չսպասէ:
Սալամ նշեց, որ կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը յապաղեցնողը լիբանանեան քաղաքական ուժերուն միջեւ վստահութեան չգոյութիւնն է:
CATEGORIES Լիբանանեան