Միքաթի Նախագահեց Արաբական Տնտեսական Ֆորումին

Հրաժարեալ վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ «Ֆենիսիա» պանդոկին մէջ նախագահեց Արաբական տնտեսական ֆորումին, որուն ընթացքին ան հաստատեց, որ իր նախագահած կառավարութիւնը խորհրդարանին, Կեդրոնական դրամատան եւ այլ խորհուրդներու հետ գործակցած է աշխուժացնելու համար Լիբանանի տնտեսական կացութիւնը:

Այս շրջագիծին մէջ ան թուեց կառավարութեան իրագործած նուաճումները, որոնցմէ կարեւորագոյնը եղած է չէզոք քաղաքականութիւնը` սուրիական տագնապին հետ վարուելու ծիրին մէջ:

Վարչապետ Միքաթի հաստատեց, որ, հակառակ հազուագիւտ ընտրանքներուն, Լիբանան կրցաւ դիմանալ եւ հանդուրժել շրջակայ երկիրները հարուածող փոթորիկներուն, յատկապէս Սուրիոյ մէջ տիրող տագնապին: Ան նշեց, որ լիբանանեան ներքին քաղաքական տարակարծութիւնները իրենց ժխտական ազդեցութիւնը ունեցած են Լիբանանի տնտեսութեան վրայ, սակայն կառավարութիւնը իր որդեգրած չէզոք քաղաքականութեամբ կրցած է ինքզինք զանց կացուցել Լիբանանի վրայ Սուրիոյ ունենալիք հաւանական հետեւանքներէն:

«Մեր որդեգրած կեցուածքը ազգային կեցուածք է եւ եթէ ան կարգ մը քաղաքական ուժերու համար համոզիչ չի թուիր, ապա ի վերջոյ բոլորը պիտի վկայեն, թէ մինչեւ Սուրիոյ տագնապին աւարտը Լիբանան պիտի փրկուի շնորհիւ այս կեցուածքին», ըսաւ Միքաթի:

Ան աւելցուց սակայն, որ Սուրիոյ տագնապին հանդէպ չէզոք մնալու կեցուածքին զուգահեռ Լիբանան չզլացաւ իր մարդկային պարտականութիւններուն մէջ, ընդհակառակն` Լիբանան ընդունեց սուրիացի գաղթականները եւ անոնց մարդասիրական օժանդակութիւններ յատկացուց իր կարողութիւններուն սահմաններուն մէջ:

Միքաթի շեշտեց Լիբանանի ապահովական կայունութիւնը պահպանելու անհրաժեշտութիւնը, ինչպէս նաեւ ընտրական արդի օրէնք մը մշակելու եւ կառավարութիւն մը կազմելու կարեւորութիւնը: Ան շեշտեց, որ այդ բոլորը պիտի օժանդակեն Լիբանանի ազգային միասնականութեան եւ համերաշխութեան ամրապնդումին:

Նոյն ֆորումին ընթացքին սփռուեցաւ  Կեդրոնական դրամատան կառավարիչ Ռիատ Սալամէի խօսքը, որուն մէջ ան հաստատեց, որ լիբանանեան դրամատնային մարզն ու լիբանանեան դրամանիշի կայունութիւնը ապահովուած են:

 

 

Share this Article
CATEGORIES