«Թշնամի Իսրայէլի Հետ Հաւասարակշռութիւնը Խախտող Որակական Զէնքեր Ստանձնելու Պատրաստ Ենք» Շեշտեց Սէյիտ Նասրալլա

«Նուր» ռատիոկայանի հիմնադրութեան 25-ամեակին առիթով Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա երէկ երեկոյեան ժամը 6:30-ին արտասանեց պատկերասփռուած ճառ մը, որուն մէջ ան անդրադարձաւ լիբանանեան եւ շրջանային շարք մը հարցերու, որոնց շրջագիծին մէջ նաեւ Իսրայէլի կողմէ Սուրիոյ ռմբակոծումին:

«Իսրայէլ Դամասկոսը ռմբակոծեց անոր ըսելու համար, թէ Դիմադրութեան օժանդակութիւնը շարունակել կը նշանակէ Սուրիոյ վարչակարգը տապալել եւ անոր դէմ պատերազմ յայտարարել` զինք Դիմադրութեան տարազէն դուրս բերելու համար», ըսաւ ան:

Սէյիտ Նասրալլա` շեշտեց, որ Իսրայէլի կողմէ Դամասկոսի ռմբակոծումին առումով Սուրիա տուած է յստակ պատասխան մը, որուն մէջ ան շեշտած է, թէ ինք պիտի շարունակէ Լիբանանի մէջ Դիմադրութեան զէնքեր տրամադրել: «Աւելի՛ն. Սուրիա Դիմադրութեան պիտի տրամադրէ որակական զէնքեր, որոնք Իսրայէլի հետ հաւասարակշռութիւնը կը խախտեն», նշեց սէյիտ Նասրալլա, մէջբերելով Իսրայէլի դէմ սուրիական պաշտօնական պատասխանը:

Այս շրջագիծին մէջ ան հարց տուաւ, թէ արաբական ո՞ր երկիրը պատրաստ է կամ կը յանդգնի Դիմադրութեան ոչ թէ զէնք, այլ փամփուշտ մը տալու», ըսաւ սէյիտ Նասրալլա:

Սէյիտ Նասրալլա հաստատեց, որ ինչպէս Սուրիան օժանդակած է Դիմադրութեան եւ հարաւային Լիբանանի ազատագրման, նոյնպէս ալ այսօր Դիմադրութիւնը նիւթապէս, բարոյապէս եւ իր բոլոր կարելիութիւններով պիտի զօրակցի Սուրիոյ, մինչեւ Կոլանի ազատագրումը:

«Միւս կողմէ, մենք պատրաստ ենք եւ ատակ ստանձնելու որակական զէնքեր ու պահպանելու զանոնք եւ պաշտպանելու մեր հողերը, ժողովուրդն ու կալուածները: Դիմադրութիւնն է միայն, որ կրնայ յաղթանակներ եւ նուաճումներ կերտել` ձախողութեան մատնելով Իսրայէլի բռնագրաւումներն ու բռնարարքները: Դիմադրութիւնն է միայն, որ կրնայ իրականացնել պաղեստինցիներուն յոյսերը, եւ կը հաստատենք, որ ձեր կողքին պիտի գտնէք միայն անոնք, որոնք տասնեակ տարիներէ ի վեր ձեր կողքին կը գտնուին», ընդգծեց սէյիտ Նասրալլա:

Պաղեստինեան հարցին մասին խօսելով` սէյիտ Նասրալլա խոցելի նկատեց այն իրականութիւնը, որ Արաբական գարուն ապրող արաբական երկիրները պատրաստ են Պաղեստինի հարցով թշնամի Իսրայէլին զիջումներ կատարելու: Ան ցաւ յայտնեց այն մասին, որ թշնամի Իսրայէլ լաւապէս առիթները օգտագործել գիտէ, իսկ արաբական պաշտօնական վարչակարգը պաղեստինցիներն ու Աքսայի մզկիթը պատմական բեռ կը նկատեն եւ Պաղեստինը իբրեւ դատ չեն ընդունիր:

Այս իրականութիւնը տխուր է մեզի համար եւ ուրախալի` թշնամի Իսրայէլին:

Սէյիտ Նասրալլա խստիւ մերժեց զիջումներ ընդունելու արաբական հոգեբանութիւնը` ընդգծելով, որ ներկայիս շրջանին հրամցուած Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերիի նախաձեռնութիւնը Իսրայէլի հրէական պետութիւն ըլլալու իրականութիւնը ճանչնալ է, ինչ որ մեծ վտանգ կը նկատուի ո՛չ միայն պաղեստինեան հարցին, այլ նաեւ ամբողջ շրջանին համար:

«Թշնամին քաջ գիտէ, թէ Դիմադրութեան ուժին հիմնական աղբիւրը Սուրիան եւ այդ իսկ պատճառով է, որ Իսրայէլ կ՛ուզէ Սուրիան զանց կացուցել այդ տարազէն, որպէսզի կարենայ շրջափակել Լիբանանի եւ Պաղեստինի Դիմադրութիւնները», ըսաւ ան:

Ներքին լիբանանեան առումով սէյիտ Նասրալլա շեշտեց, որ Հըզպալլա կը փափաքի, որ կառավարութիւնը ամէնէն մօտիկ ապագային կերտուի` աւելցնելով, որ իրենք կազմ ու պատրաստ են երեսփոխանական ընտրութիւններ կատարելու:

Սէյիտ Նասրալլա յայտնեց, որ Թամմամ Սալամի վարչապետ նշանակումին գծով Մարտ 8-ի քաղաքական ուժերը չեն վարուած այնպէս, ինչպէս եղած էր Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերուն վարուելակերպը Նեժիպ Միքաթին վարչապետ նշանակելու պարագային:

Ան կոչ ուղղեց կառավարութիւնը տակաւին չկազմուած, զայն լոկ ընտրութիւններ կազմակերպելու կառավարութիւն չանուանելու` աւելցնելով, որ իրենք կը պահանջեն կառավարութեան մէջ ներկայացուիլ` ըստ իրենց չափին:

Ընտրական օրէնքին մասին սէյիտ Նասրալլա շեշտեց, որ եթէ խորհրդարանի լիագումար նիստին ընթացքին Ուղղափառ հանդիպումին մշակած ընտրական օրինագիծը քուէարկութեան դրուի, ապա իրենք այդ օրինագիծին թեր պիտի քուէարկեն:

Share this Article
CATEGORIES