«Մենք Ներկայիս Հիմնականօրէն Կը Կեդրոնանանք Մեր Խնդիրներուն Վրայ» Յայտնեց Աղուան Վարդանեան
Երեւանի աւագանիի ընտրութիւններու արդիւնքներուն եւ ընտրական հոլովոյթէն կուսակցութիւններուն քաղած դասերուն վերաբերեալ «Փանորամա.էյ.էմ» զրուցեց շարք մը քաղաքական ներկայացուցիչներուն հետ:
Անդրադառնալով այն հարցումին, թէ արդեօք ընտրութեան արդիւնքներուն յստակացումէն ետք ի՞նչ փոփոխութիւններ արձանագրուած են` Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան քարտուղար Աղուան Վարդանեան յայտնեց, որ Դաշնակցութիւնը բողոքարկման հոլովոյթի չէ սկսած: «Մենք դիմումներ, բողոքներ գրեթէ չենք ներկայացուցած եւ անով չենք ալ զբաղիր, որովհետեւ լուրջ չենք համարեր այսպիսի հարցերով զբաղիլը»:
Պատասխանելով ընտրատեղամասերուն մէջ ընտրութեան օրը տիրած վիճակին, ինչպէս նաեւ մամլոյ մէջ արձանագրուած ընտրութիւնը խոչընդոտելու դէպքերու մասին լրագրողի հարցումներուն` Աղուան Վարդանեան ընդգծեց, որ այդ բոլորին մասին տեղեկատուութիւն կայ համացանցին վրայ: Ան աւելցուց, որ իրենց յանձնախումբի անդամները եւ վստահելի անձերը գրեթէ 99 տոկոսով կատարած են իրենց պարտականութիւնները:
Անդրադառնալով ընտրութիւններէն դասեր քաղելու երեւոյթին` դաշնակցական պատգամաւորը ընդգծեց, որ Դաշնակցութիւնն ալ իր մեղքի բաժինը ունի, բայց պետական համակարգը ամբողջութեամբ դարձած էր ընտրական համակարգ, համատարած ընտրակաշառքը այս անգամ ալ ունեցաւ իր ազդեցութիւնը եւ թաղային հեղինակութիւններու գործողութիւններու առանցքը եղաւ: «Ասիկա արդէն մեզի համար սովորական է, բնական է, մենք ներկայիս հիմնականօրէն կը կեդրոնանանք մեր խնդիրներուն վրայ»:

