9 Մայիսի Տօնին Առիթով Շքերթ «Յաղթանակի» Այգիին Մէջ
Շուշիի ազատագրման 21-րդ ամեակին եւ Յաղթանակի ու խաղաղութեան տօնի 68-րդ ամեակին առիթով` Երեւանի «Յաղթանակ» զբօսայգիին մէջ տեղի ունեցաւ զինուորական շքերթ: Ձեռնարկին ներկայ էին Հայաստանի Ազգային ժողովի նախագահ Յովիկ Աբրահամեան, վարչապետ Տիգրան Սարգսեան, պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեան, օրէնսդիր, գործադիր մարմիններու, ռազմական նախարարութեան ներկայացուցիչներ եւ Հայրենական մեծ պատերազմի վեթերաններ եւ ազատամարտիկներ:
Խօսելով օրուան խորհուրդին մասին` Հայաստանի վարչապետ Տիգրան Սարգսեան լրագրողներու հետ զրոյցին ընթացքին նշեց, որ իր ընտանիքին մէջ ամէնէն յատկանշական յիշողութիւնները կապուած են իր հօր հետ, որ եղած է պատերազմի մասնակից: «9 մայիսը առանձնայատուկ խորհուրդ ունէր մեր տան մէջ: Կը յիշեմ, երբ Գերագոյն խորհուրդին մէջ 90-ականներուն կը քննարկուէր այն հարցը, որ թերեւս 8 մայիսը պէտք չէ տօնել, որովհետեւ ատիկա Խորհրդային Միութեան տօն է, այլ ոչ թէ անկախ Հայաստանի, այն ժամանակ մեր տան մէջ բաւական սուր քննարկում տեղի ունեցաւ: Հայրս կ՛ըսէր, որ ատիկա նաեւ հայ ժողովուրդի յաղթանակն է, եւ ատիկա սխալ որոշում պիտի ըլլայ: Մենք նորէն վերականգնեցինք 9 մայիսը` իբրեւ պետական տօն, եւ ամէն անգամ 9 մայիսին ես կը յիշեմ իմ հօրս խօսքերը այն մասին, թէ ասիկա նաեւ հայ ժողովուրդի յաղթանակին օրն է եւ մեր պատմութեան կարեւորագոյն էջերէն մէկը», յայտնեց Տիգրան Սարգսեան:
Ըստ վարչապետին, մենք պէտք է հպարտութեամբ յիշենք, որ հայ զինուորը նաեւ իր պարտքը կատարած է Մեծ հայրենական պատերազմի ընթացքին:
Անդրադառնալով վեթերաններուն նկատմամբ ցուցաբերուող պետական աջակցութեան վերաբերող հարցումի մը` վարչապետ Սարգսեան նշեց, որ իրենք կը փորձեն առաւելագոյնը կատարել: Վարչապետը նշեց, որ ինչ ալ կատարուի, վեթերանները միշտ աւելիին արժանի են: Տիգրան Սարգսեան վստահեցուց, որ կառավարութիւնը պիտի փորձէ ամէն ինչ ընել, որպէսզի վեթերանները զգան թէ՛ պետութեան, եւ թէ հասարակութեան ուշադրութիւնը:
Ներկաները ծաղիկներ զետեղեցին Անյայտ զինուորի յուշարձանին վրայ եւ մէկ վայրկեան լռութեամբ յարգանքի տուրք մատուցեցին Հայրենական մեծ պատերազմին եւ Շուշիի ազատագրման գոյամարտին ընթացքին զոհուածներու յիշատակին: Վեթերաններուն համար կազմակերպուեցաւ նաեւ զինուորական վրանային ճաշ, որուն մասնակցեցան նաեւ Հայաստանի բարձրաստիճան ղեկավարները:

