Մայիսեան Հանդիսութիւն Արցախի Մէջ
Աշխատանքային այցելութեամբ Լեռնային Ղարաբաղ գտնուող Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ Ստեփանակերտի եւ Շուշիի մէջ մասնակցեցաւ կանուխ առաւօտէն սկսած Յաղթանակի տօնի 68-րդ, Լեռնային Ղարաբաղի բանակին եւ Շուշիի ազատագրման 21-րդ ամեակին նուիրուած ձեռնարկներուն: Հայաստանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի նախագահները, Արցախի իշխանութիւններուն, Հայաստանի կառավարական պատուիրակութեան անդամներուն եւ տօնական ձեռնարկներուն մասնակցելու նպատակով Լեռնային Ղարաբաղ ժամանած հիւրերուն հետ այցելեցին Ստեփանակերտի յուշահամալիր, յարգանքի տուրք մատուցեցին` ծաղկեպսակ եւ ծաղիկներ զետեղելով Հայրենական մեծ պատերազմին ընթացքին զոհուածներու յիշատակը յաւերժացնող յուշարձանին եւ Արցախեան պայքարի նահատակներու շիրիմներուն վրայ:
Նախագահները տօնական ձեռնարկներու ծիրին մէջ այցելեցին նաեւ Շուշի` ծաղկեպսակ զետեղեցին Հրասայլ-յուշարձանի պատուանդանին եւ սպարապետ Վազգէն Սարգսեանի յուշարձանին:
Այս առիթով իր արտասանած խօսքին մէջ Լեռնային Ղարաբաղի նախագահ Բակօ Սահակեան դիտել տուաւ, որ տօնը նոր լիցք կը հաղորդէ իրենց` շարունակելու իրենց լայնածաւալ ծրագիրները եւ ամրապնդելու հանրապետութիւնը:
Անոնք մասնակցեցան նաեւ Շուշիի կերպարուեստի թանգարանի բացման արարողութեան: Աւելի ուշ մասնակցեցան «Արցախի ազատամարտիկներու միութիւն» կազմակերպութեան գրասենեակի բացման:
Երեկոյեան Ստեփանակերտի Վերածնունդի հրապարակին վրայ զոյգ նախագահները ներկայ գտնուեցան եռատօնին նուիրուած տօնական համերգին:

