Ակնարկ. Քաղաքական Մենաշնորհը Եւ Վերահաշուարկումներու Անհրաժեշտութիւնը
Վարագոյրը իջաւ Հայաստանի Հանրապետութեան համապետական եւ Երեւանի քաղաքապետական ընտրութիւններուն վրայ: Աւարտած են խորհրդարանական, նախագահական եւ Երեւանի քաղաքապետական ընտրութիւնները: Փաստօրէն յառաջիկայ որոշ ժամանակաշրջանի համար հետագայ 4- 5 տարիներուն ընտրական հիմնական դարձակէտներ չկան: Այնուամենայնիւ պէտք է կատարել քանի մը դիտարկում` հետագայ ժամանակահատուածը նախանշող անցնող ընտրական հանգրուաններուն եւ յատկապէս վերջինին վերաբերեալ ընդհանուր բնութագիրներ փորձել ձեւակերպելով:
Դատելով արդիւնքներէն, քանի որ իբրեւ գնահատական տալու միջոց նախագահ Սարգսեան շեշտը կը դնէր ոչ թէ ինչպէ՞ս աշխատելուն, այլ ի՞նչ արդիւնքներ ձեռք ձգելուն վրայ` դիմելով նորանշանակ կառավարութեան անդրանիկ նիստին, կը ստացուի այն, որ ժողովուրդը վերընտրած է նոյն նախագահը, որ իր հերթին նշանակած է նոյն վարչապետը, ընտրուած է Ազգային ժողովի միեւնոյն մեծամասնական ուժը, վերանշանակուած է գրեթէ նոյնութեամբ միեւնոյն կառավարութիւնը եւ վերջինը` Երեւանի քաղաքապետութեան միեւնոյն դիմագիծը կրող աւագանին, միեւնոյն քաղաքապետով: Արդար ըլլալու համար պէտք է նշել, որ կառավարութեան կազմին մէջ ներառուած փոփոխութիւնը ուղղուած է ելեւմտական-տնտեսական դաշտին. թէեւ այստեղ ոչ թէ ուղղութիւններու փոփոխութիւններ են, այլ կը թուի, թէ եղածը զուտ քատրային է: Հաստատումէն առաջ հարցումի նշանով կ՛արժէ արձանագրել, թէ այս շատ կարեւոր թղթածրարին առնչութեամբ փոփոխութիւններ ակնկալելը իրատեսակա՞ն է:
Ուրեմն. արդիւնքներէն դատելով կարելի է ըսել, թէ հիմնական որեւէ բան չէ փոխուած իբրեւ նախագահ Սարգսեանի պաշտօնավարման երկրորդ ժամանակահատուածը նախանշող երեւոյթ: Նախադրեալները կը համոզեն, որ արհեստավարժական երեւութական փոփոխութիւններ կիրառելով հանդերձ ընտրամեքենականութիւնը լիարժէք աշխատած է ապահովելու համար համակարգի ինքնավերարտադրութիւնը:
Ի տարբերութիւն նախագահական ընտրութիւններուն` Երեւանի քաղաքապետական ընտրութիւնները յատկանշուեցան բազմակուսակցական մասնակցութեամբ: Կանխորոշուածութեան համոզումը աւելի տիրապետող էր նախագահականի պարագային, ինչ որ հիմնական մղիչ պատճառն էր ԲՀԿ-ին, ՀԱԿ-ին եւ ՀՅԴ-ին` նախագահական ընտրութիւններուն թեկնածու չառաջադրելուն: Նախագահական ընտրութիւններուն ընդդիմադիր քուէի համեմատական կուտակումը պատճառներէն մէկն էր հաշուի նստելու ժողովրդային կամքին հետ եւ ընդդիմադիր ընտրազանգուածին տէր կանգնելու Երեւանի քաղաքապետական ընտրութիւններու պարագային: Անկախ անկէ, որ քաղաքական եւ լրագրական դաշտը քաղաքապետական ընտրութիւններուն բնութագրում տալու պարանաձգութեան մէջ քաղաքայի՞ն, թէ՞ քաղաքական եզրերը փորձեց ճշդել, տուեալները, յայտարարութիւնները, մասնակցութեան ձեւերը համոզեցին, որ ըստ էութեան քաղաքական էին այս ընտրութիւնները:
Դարձեալ դատելով արդիւնքներէն` կարելի է ըսել, որ Երեւանի քաղաքապետութեան աւագանիի կազմը կը յիշեցնէ Ազգային ժողովի համապատկերը: Երկրորդ ներկայացուած ուժը ԲՀԿ-ն է: Բայց երկու հաստատութիւններուն պարագային ալ ՀՀԿ-ն առանձինը կրնայ որոշումներ կայացնել: Տարբերութիւնը այս պարագային այն է, որ միեւնոյն բազմակուսակցական դիմագիծը չունի աւագանին Ազգային ժողովին նկատմամբ: Էականը այս պարագային իրողական միակուսակցականութիւնն է, որ կը դրսեւորուի թէ՛ Ազգային ժողովին, եւ թէ Երեւանի քաղաքապետութեան պարագային:
Իշխող կուսակցութեան շրջանակները նախագահական ընտրութիւններուն չմասնակցելու եւ քաղաքապետական ընտրութիւններուն մասնակցելու որոշումները փորձեցին մեկնաբանել ԲՀԿ-ի առանցքին շուրջ` առարկելով, որ միւս կուսակցութիւնները այսպիսով կը կորսնցնեն ինքնուրոյն աշխատելու իրենց յատկութիւնները եւ ԲՀԿ-ի հետեւողի դիրքին վրայ կ՛ինքնատեղադրուին: Երեւութական թիւր մեկնաբանութիւն է անշուշտ կատարուածը` տրուած ըլլալով, որ գործունէութեամբ, հայեցակարգային մօտեցումներով, ծրագիրներով եւ հիմնական որոշումներով ամբողջ հոլովոյթի մը հիման վրայ նման եզրակացութիւններու կարելի է յանգիլ, եւ ոչ թէ սոսկ ընտրական այս կամ այն հանգրուանին որդեգրուած դիրքորոշումներու վրայ հիմնուելով: Սակայն անցնինք, որովհետեւ այս չէ էականը:
Հիմնական փաստը այն է, որ տարբեր կարեւոր ոլորտներու մէջ ճգնաժամային պայմաններու մէջ յայտնուած մեր հայրենիքը յուսադրիչ շրջադարձ կատարելու ընտրանքը չէ կատարած: Ոչ քաղաքականութեան եւ ոչ ալ մարդուժի փոփոխութիւններու նախադրեալները երեւցան իրերայաջորդ ընտրութիւններուն: Տնտեսականին առընթեր քաղաքական մենաշնորհը տիրական է յառաջիկայ տարիներուն համար: Իսկ ասիկա կը փաստէ արդէն տնտեսաքաղաքական ոլորտներու համատեղ սերտացման միտումներու գործնական շարունակութիւնը:
Համակարգային փոփոխութիւն յառաջացնելու ճամբան միակ ընտրանքն է, որմէ առաջնորդուելու կոչուած են այն բոլոր ուժերը, որոնք չյաջողեցան առաջնային նպատակին շուրջ համախմբուիլ, միաւորուիլ եւ փոփոխութեան առաջին քայլերը տեսանելի դարձնել: Ընտրութիւններուն փոխանցած դասերը գուցէ յաջողին նոր խմորումներ ստեղծել այս ուղղութեամբ:
«Ա.»

