Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
ԽՈՅ (21 Մարտէն 20 Ապրիլ)
Այսօր ձեզի համար աղուոր անակնկալ մը պատրաստուած է: Ընդառաջ գացէք այս անակնկալին, որ շատ պիտի հետաքրքրէ ձեզ: Օրը զուարթ է:
ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Սահման մը դրէք ձեր պիւտճէի հաշիւին, որպէսզի ձեր ստանձնած նիւթական պարտաւորութիւնները կարենաք կատարել առանց մտահոգութեան:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Պիտի ունենաք գոհունակութիւնը եւ այն տպաւորութիւնը, թէ ձեր շուրջինները վերջապէս հասկցած են ձեզ եւ կ՛ուզեն հետեւիլ ձեր ցուցմունքին:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Պիտի փոխէք ձեր կարծիքը այնպիսի մարդոց վերաբերեալ, որոնց վրայ յոյս դրած էիք: Ասիկա նոր փորձառութիւն մըն է ձեզի համար, որ միւս կողմէ օգտակար պիտի ըլլայ այլ հարցեր լուծելու:
ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Եթէ բարեկամներու բացակայութիւնը կը զգաք, հրաւիրեցէք զանոնք ձեր տունը կամ այլ տեղ մը: Անոնք շատ կը սիրեն ձեզ, անմիջապէս պիտի ընդառաջեն ձեր հրաւէրին:
ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Յետաձգուած կամ յապաղած աշխատանք մը իրագործելու ջանք ըրէք: Ամէն ինչ իր ժամանակին կատարելը յաջողութեան կ՛առաջնորդէ:
ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Ունիք կարողութիւն եւ միջոցներ ձեր ունեցած շնորհները արտայայտելու: Ուրեմն առանց տնտնալու գործի անցէք ինքնավստահութեամբ:
ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Ամէն հարց դիւրութեամբ կը կատարուի եւ պարզ կ՛ըլլայ, երբ դուք ձեզի վստահիք: Ինքնավստահութիւնը յաջողութիւնն է ինքնին:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Ամէն մարդ չի կրնար դիւրութեամբ մօտենալ միւսին: Ըրէք այնպէս, որ եթէ ձեր շուրջը ունիք վարանոտ անձ մը, դուք մօտենաք անոր, ուրախացուցէք զայն:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Այսօր կատարեցէք մոռցուած կամ յետաձգուած գործեր: Եթէ ժամանակ չէք ունեցած զանոնք իրագործելու, այսօր ունիք յարմար առիթներ այդ բոլորը իրականացնելու:
ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Առիթը պիտի ունենաք զուարճանալու ընկերային շրջանակի մը մէջ: Միացէք ձեր բարեկամներուն: Հրաւէրները մի՛ մերժէք, եղէք մարդամօտ:
ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Հեռու մի՛ մնաք ձեր հարազատներէն, ազգականներէն, որպէսզի անտարբերութիւնը պաղ տրամադրութիւն չստեղծէ ձեր միջեւ: Յիշեցէք նաեւ անցեալի ձեր մտերիմները: Մարդկային զգացումները յարգեցէք: