50 Տարի Առաջ (11 Մայիս 1963)
Ճեմարանի Շրջանաւարտից Միութեան
Նոր Ակումբը
Ճեմարանի Շրջանաւարտից միութեան նոր ակումբը, պատշաճօրէն կահաւորուած, կը գտնուի Ճեմարանի թիւ երեք շէնքի երկրորդ յարկը` «Վասպուրական» սրահին կից:
Բաց է ամէն հինգշաբթի, ժամը 6:00-10:00-ը եւ ամէն կիրակի, ժամը 9:00-5:00:
Յանձնախումբ մը սիրայօժար նուիրումով ստանձնած է ակումբային աշխատանքները:
Ստեղծուած է արդէն ընկերական ջերմ մթնոլորտ, եւ ակումբը դարձած է հաճելի ժամադրավայրը ճեմարանաւարտ եւ թերաւարտ ընկեր-ընկերուհիներու:
Վարչութիւնը ծրագրած է ընդլայնել ակումբային գործունէութիւնը` սովորական հանդիպումներու կողքին կազմակերպելով դասարանային հաւաքոյթներ, մշակութային բնոյթ կրող հանդիպումներ եւ այլ ձեռնարկներ:
Այսպիսի մթնոլորտի մը մէջ, շատ բնական է, որ խանդով ու լրջութեամբ արձանագրուին դրական եւ շինիչ նուաճումներ:
Գնահատանքի արժանի օգտաշատ ծրագիր մը արդարեւ, որ կը պահանջէ ժրաջան աշխատանք, զօրաւոր հաւատք, լրջութիւն, եռանդ ու զոհաբերութիւն` կապուած նիւթական եւ այլ մեծ դժուարութիւններու հետ:
Ճեմարանի Շրջանաւարտից միութիւնը իր բազմահարիւր շրջանաւարտներով ու թերաւարտներով, իր համակիր շրջանակով պէտք է դադրի այլեւս մշակութային ինքնամփոփ միութիւն մը ըլլալէ:
Իրապաշտ մօտեցումով պէտք է գործնապէս հետապնդէ մեծանուն Շանթի ու Աղբալեանի գաղափարապաշտ եւ ազգայնաշունչ դաստիարակութեամբ սկսուած այն առաքելութիւնը, որ կը ձգտի հեռու պահել նորահաս սերունդները ապազգայնացման վտանգէն, այսինքն` հայը պահել օտար հորիզոններու տակ:
Ճեմարանական սերունդը, շրջանաւարտ թէ թերաւարտ, համալսարանական, մտաւորական կամ ազատ ասպարէզի մարդ, պէտք է իր նուիրական պարտականութիւնը սեպէ յաճախակի հանդիպումներով համախմբուիլ իր ակումբին մէջ, ստեղծել հայաշունչ մթնոլորտ, փնտռուած միջավայր, անհամբեր սպասուած ակումբային մտերիմ կեանք:
Արդիւնաւոր կերպով պէտք է կատարուին այս աշխատանքները, որպէսզի աւելի լայն ծաւալ ստանան, յատկապէս հաճելի ու գրաւիչ նորոյթներու հետամուտ, օտարաշունչ մթնոլորտի մէջ իր ժամանցը ընող նորահաս սերունդներուն մօտ:
Ճեմարանի Շրջանաւարտից միութիւնը պէտք է յառաջապահ ու մղիչ ուժը դառնայ դարձնելու համար ակումբը, իր համակիր շրջանակով, ճեմարանական սերունդի ժամադրավայր սիրելի տունը:
ՀՐԱԶԴԱՆ
Հայկական Կեանք
Զատիկը Կեսարիոյ Մէջ
Արարողութեանց Ներկայ Կ՛ըլլան Ապահովութեան
Տնօրէնը Իր Կնոջ Հետ, Ոստիկանապետը
Եւ Շրջակայ Գիւղերու Հայ Բնակչութիւնը
Կեսարիայէն կը գրեն 16 ապրիլ թուականով.
Թեմիս բազմամեայ հոգեւոր հովիւ Հայկազուն Ա. քհնյ. Կարապետեան, որ ամիսէ մը ի վեր պռոնշիթէ կը տառապէր, բաւական ապաքինած ըլլալով, Աւագ շաբթուան եւ Ս. Զատկի բոլոր արարողութիւնները անթերի կերպով կատարեց: Ծաղկազարդի, խաւարման գիշերի եւ Սուրբ Յարութեան տօնին առթիւ ալ հոգեշահ քարոզներ խօսելով` բացատրեց այդ արարողութեանց իմաստը եւ աւետեց Քրիստոսի յարութիւնը:
Զատկական պատարագին երկսեռ հաւատացեալներու խուռն բազմութեամբ լեցուած էր Ս. Լուսաւորչի ընդարձակ եկեղեցին: Արարողութեանց եւ խօսուած թուրքերէն քարոզին մինչեւ վերջ ներկայ գտնուեցաւ քաղաքիս ապահովութեան տնօրէնը իր կնոջ հետ, ոստիկանապետը` իր հետեւորդներով եւ «Իմամ Հաթիփ»-ի (իմամ քարոզիչներու) վարժարանէն 30-ի չափ աշակերտներ: Թէեւ ներկայ գտնուիլ փափաքած էր նաեւ նահանգի կուսակալը, սակայն իր բազմազբաղ վիճակին պատճառով չկարենալուն համար ներողութիւն խնդրած էր:
Շրջակայ գիւղերէն` Պողազլեանէն, Պրունքըշլայէն, Կիկիէն, Կեմերեկէն, Թեփմենէն, նոյնիսկ Անգարայէն եւ Ամասիայէն մեծ թիւով ուխտաւորներ եկած էին:
Պատարագէն ետք ընդունելութիւն կատարուեցաւ եւ պատուասիրութիւններ եղան ապահովութեան տնօրէնին եւ անոր կնոջ ու ոստիկանապետին եւ հետեւորդներուն, որոնք շնորհաւորեցին Ս. Զատկի տօնը. իմամութեան թեկնածուները կարգ մը դաւանաբանական հարցումներ ուղղեցին Հայկազուն տէր հօր, որ ամէնուն ալ գոհացուցիչ պատասխաններ տուաւ:
Ս. Զատկի մեռելոցին առիթով հարիւրաւոր սգակիրներ այցելեցին քաղաքիս հայ եւ նոր երկու գերեզմանատուները, ուր մասնաւոր կամ հաւաքական մեռելօրհնէքներ կատարեց Հայկազուն քահանան:
Կեանքը Զահլէի Մէջ
Զահլէէն կը գրեն մեզի.-
Զահլէի ՀՄԸՄ-ի վարչութիւնը տեղական ուժերով կազմակերպեց շատ դաստիարակիչ ներկայացում մը` հայ ընտանեկան կեանքէն առնուած:
Բարոյալից այս ներկայացումը տեղի ունեցաւ 19 ապրիլ ուրբաթ գիշեր, Զահլէի հայ կաթողիկէներու «Պաթանեան» սրահին մէջ: Ներկայ էր հոծ բազմութիւն մը: Ստեղծուեցաւ խանդավառ մթնոլորտ:
ՀՄԸՄ-ի վարչութիւնը սկսան գնահատելի շարժում մը ստեղծել ժողովուրդին մէջ` գործի լծելով երիտասարդութիւնը, որ սիրայօժար իր մասնակցութիւնը միշտ կը բերէ ազգօգուտ ձեռնարկներու:

