Աշխարհի Ամէնէն Մեծ Ալիքը…

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ

Այո՛, ալիքներն ալ ունին իրենց յատուկ մրցանիշը: Այս ձեւով, աշխարհի ամէնէն մեծ ալիքը արձանագրուած է 2011-ի փետրուարին, հիւսիսային Ատլանտեանին մէջ, Քիրին փոթորիկին ընթացքին: Անոր բարձրութիւնը հասաւ 20.1 մեթրի:

Արբանեակներն են, որոնք արձանագրած են Հոլանտայի հարաւ-արեւելքը յառաջացած այս հսկայական ալիքները: Սակայն այս թիւը միջին հաշիւ մըն է: Ըստ վիճակագրութիւններուն, Քիրինի ամէնէն բարձր ալիքը հաւանաբար աւելի քան 36 մեթր բարձրացած է, տասներկու յարկանի շէնքի մը հասակին չափ: Այս ալիքներէն աւելի բարձր ալիքներ վստահաբար գոյութիւն ունեցած են, սակայն տակաւին կարելի չէ եղած զանոնք արձանագրել ովկիանոսին մէջ:

Ինչպէ՞ս Չափել Ալիքներուն
Բարձրութիւնը

Ալիքի մը հասակը կը համապատասխանէ անոր գագաթին եւ հիմքին միջեւ տարբերութեան: Սակայն բոլորիս  համար ալ բացայայտ է, որ այս  բարձրութիւնը շատ անկանոն է. երբ մենք ծովուն կը նայինք, կը տեսնենք մեծ ալիքներ, որոնց կը յաջորդեն աւելի փոքր ալիքներ…

«Նշանակալից բարձրութիւն» մը հաստատելու համար գիտնականները արձանագրուած ամէնէն բարձր ալիքներուն միջին հաշիւը կ՛առնեն:

Ինչպէ՞ս Նման Բարձրութիւններու
Կը
Հասնին Ալիքները

Ալիքները կը յառաջանան ծովուն մակերեսին վրայ փչող հովերէն: Սակայն ասիկա կրնայ ժամանակ առնել: Որպէսզի հսկայական ալիքներ յառաջանան, զօրաւոր հովեր պէտք է գոյութիւն ունենան. սակայն նոյն ատեն պէտք է, որ անոնք երկար ժամանակ փչեն եւ ալիքներուն հետ նոյն արագութեամբ յառաջանան, որպէսզի կարենան զանոնք բարձրացնել: Այս երեւոյթն է, որ տեղի ունեցած է Քիրին փոթորիկին ընթացքին, որուն ընթացքին, ըստ ուսումնասիրութիւններուն, հովին արագութիւնը հասած է ժամական 130 քմ-ի:

Պէտք է յիշել, որ հիւսիսային Ատլանտեանը մոլորակին այն շրջանն է, ուր կարելի է հանդիպիլ ամէնէն բարձր ալիքներուն: Այս շրջանին մէջ է նաեւ, որ 2007 թուականին արձանագրուած է նախկին մրցանիշը` 19,15 մեթր:

 

Տէյզի, 4 Տարեկան,
Պատահական
Հնագէտ Մը

2008 թուականին Տէյզի Մորրիս, 4 տարեկան, Անգլիոյ Ուայթ կղզիին ծովափին կը պտտէր, երբ բանի մը վրայ կը կոխէ: Հետաքրքիր աղջնակը գետինը կը փորէ գտնելու համար, թէ ինչի՛ վրայ կոխած էր. ան դուրս կը հանէ սեւցած ոսկորներ:

Ընտանիքը այս ոսկորները կը յանձնէ Սաութհամփթըն համալսարանի բրածոներու մասնագէտի մը:

Հինգ տարուան ուսումնասիրութիւններէ ետք մասնագէտները վերջապէս կը յայտարարեն իրենց հետազօտութիւններուն արդիւնքը: Այդ ոսկորները կը պատկանին փթերոսորուխի` թռչող սողունի մը նոր տեսակի մը, որ կ՛ապրէր 115 միլիոն տարիներ առաջ եւ ունէր մօտաւորապէս կովու մը չափը:

Եւ իբրեւ վարձատրութիւն` գիտնականները այս բրածոյի նոր տեսակը անուանած են Վիքթիտրաքօ Տէյզիմորրիսէ` ի պատիւ Տէյզիի:

 

 

 

 

 

 

 

Այս հետաքրքրական պատահարին մասին գրուեցաւ նոյնիսկ մանուկներու գիրք մը` «Տէյզի էնտ տը Ուայթ տրակոն» (Տէյզի եւ Ուայթ վիշապը), անոր վերնագիրը հիմնուած Վեքթիտրաքօ բառին թարգմանութեան վրայ, Ուայթի վիշապը:

* * *

Թռչունները 4 Թե՞ւ Ունէին

150 միլիոն տարիներ առաջ թռչունները 4 թե՞ւ ունէին: Ըստ չինացի գիտնական Զինկ Զուի` այո՛:

Ան ուսումնասիրած է 150 միլիոն տարիներ առաջ ապրող նախնական թռչուններու բրածոները:

Այս թռչունները երկար փետուրներ ունէին իրենց ետեւի ոտքերուն վրայ: Արդեօք այդ փետուրները  թռչուններուն կը ծառայէին թռչելո՞ւ: Բոլոր գիտնականները համամիտ չեն այս փետուրներուն դերին գծով:

Կարգ մը մասնագէտներ կը մտածեն, թէ անոնք պարզապէս թռչուններուն կ՛օգնէին թռիչքի ընթացքին կայուն մնալու:

Իսկ ուրիշներ կը հաւատան, թէ այդ փետուրները անոնց օգտակար կ՛ըլլային, երբ արու թռչունները կ՛ուզէին գրաւել էգ թռչուններուն ուշադրութիւնը:

 

Ցանցին Մէջ

 

10 տարեկան Հաննա Ճէյմիսըն կը խաղայ Անգլիոյ Սթոք Թաունի աղջկանց ֆութպոլի խումբին մէջ:

Այս փոքր մարզիկը 101 կոլ նշանակած է 31 խաղերու ընթացքին, այսինքն, միջին հաշուով, 3.2 կոլ իւրաքանչիւր խաղի:

Ասիկա մրցանիշ մըն է Եւրոպայի մէջ:

 

Տապկելու Ձէթով

 

 

ՔԼՄ օդանաւային ընկերութեան Պոյինկ 777 օդանաւերէն մէկը կենսոլորտը չապականող թռիչք մը կատարած է Ամսթերտամի եւ Նիւ Եորքի միջեւ:

Ան թռիչքը կատարեց իբրեւ վառելանիւթ գործածելով տապկոցի ձէթ: Այս գործողութեան նպատակն էր կլիմային ջերմաստիճանը բարձրացնող բնածխական կազերու արտանետումը նուազեցնել:

 

 

Ի՞Նչ Կ՛ուզես Ըլլալ, Երբ Մեծնաս…

 

 

29 տարեկան անգլիացի մը տարօրինակ փորձի մը գործադրութեան անցած է: Տարբեր արհեստ մը աշխատիլ իւրաքանչիւր շաբթուան ընթացքին, մէկ տարուան վրայ, այսինքն 52 արհեստ` 52 շաբթուան ընթացքին: Անասնաբոյծ, նկարիչ եւ այլն: Ան արդէն մօտաւորապէս քսան արհեստներ փորձած է երկրին տարբեր շրջաններուն մէջ: Արդեօք ան պիտի գտնէ՞ իր երազած արհեստը:

 

 

 

Իւրայատուկ Հագուստներու
Ցուցահանդէս Մը

Երիտասարդուհիներու սովորական տողանցքով մը իր հնարած հագուստները ցուցադրելու փոխարէն` պրազիլցի հագուստներու ձեւագծող Ֆաուս Հաթէն յղացած է իւրայատուկ գաղափար մը:

Ան իր հագուստները ներկայացնելու համար ընտրած է տախտակէ շինուած, եւ թելերով շարժուող խամաճիկներ: Այս խամաճիկներուն դէմքը կը նմանէր իսկական նշանաւոր մանըքեններու, սակայն վստահաբար այս ձեւով ցուցադրութիւնը նուազ ծախսալից եղած է արուեստագէտին համար:

 

Խելացի Սահնակ Մը

Ինչպէ՞ս արագօրէն փախչիլ հրդեհ առած շէնքէ մը, երբ 5-րդ յարկ կ՛ապրինք:

Պարզապէս` սահնակով մը:

70 տարեկան չինացի Ժու Միաօրոնկ յղացած է այս իւրայատուկ գաղափարը: Ան իր այս գիւտը կը ներկայացնէ իբրեւ «վստահելի, գործնական,  դիւրին կազմուող, դիւրին գործածուող եւ աժան»:

Յանկարծակի պատահարի մը պարագային, կարելի է սահնակը անցընել աստիճաններու բազրիքին եւ զայն բանալ կոճակ մը սեղմելով:

Շանկհայի (Չինաստան) շէնքերուն, ուր հաստատուած են այդ սահնակները, բնակիչները շատ շուտ վարժուեցաւ այդ տարօրինակ սարքերուն: Անոնք բոլորն ալ այդ սահնակները կը գործածեն վար իջնելու համար, նոյնիսկ երբ հրդեհ չկայ:

 

Ժամանց

 

Կրնա՞ս գտնել առաջին պատկերին եւ միւս իւրաքանչիւր հինգ պատկերներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող 2 տարբեր մանրամասնութիւնները:

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

Ի՞նչ կարգով պէտք է հանես բրիչները` միշտ ամէնէն վրայինը հանելով:

Կրնա՞ս գտնել արեւու ակնոցներուն հասցնող ճամբան:

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES