ԼՕԽ-ի «Նարօտ Արտալճեան» Մանկապատանեկան Գրադարանը Տօնեց Ս. Զատիկը
Հովանաւորութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան, կազմակերպութեամբ գրադարանի յանձնախումբին, ԼՕԽ-ի «Նարօտ Արտալճեան» մանկապատանեկան գրադարանը տօնեց Ս. Զատիկը:
Ուրբաթ, 22 մարտին Արագածի Ժողովրդային տան մէջ տեղի ունեցաւ ձեռնարկը, որուն ներկայ էին ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութենէն անդամներ, հիւրեր, ծնողներ եւ շուրջ 75 փոքրիկներ:
Յայտագիրը տեւեց երկու ժամ եւ ընդգրկեց 3 բաժին, զորս վարեցին յանձնախումբի անդամները:
Բարի գալուստի խօսքը արտասանեց գրադարանի պատասխանատուն` յատուկ շնորհակալական խօսքեր ուղղելով ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան, իրենց տարած յատուկ հոգատարութեան` հանդէպ գրադարանին:
Ապա յանձնախումբի անդամներուն ժրաջան աշխատանքին եւ յատկապէս ձեռնարկին պատրաստութիւններուն համար ան ուղղեց շնորհաւորական խօսքեր` չմոռնալով ծնողները, որոնք իրենց զաւակները կը վստահին գրադարանի կազմին:
Յայտագիրը սկսաւ գրադարանի լաւագոյն նիշեր բերող եւ պարտաճանաչ աշակերտներուն նուէրներու տուչութեամբ, երեք աշակերտներ ստացան նուէրներ:
Երկրորդ բաժինը լեցուն էր խաղերով: Իւրաքանչիւր ներկայ փոքրիկ մասնակցեցաւ իր տարիքին պատրաստուած յարմար խաղին, եւ իւրաքանչիւր շահող ստացաւ նուէր մը:
Յայտագրին վերջին բաժինն էր հաւկթախաղը, ուր փոքրիկները բաժնուեցան երկու մեծ խումբերու` տարիքի դրութեամբ փոքրեր եւ մեծեր. տեղի ունեցաւ հաւկթախաղը եւ իւրաքանչիւր յաղթող դարձեալ ստացաւ իր նուէրը: Յայտագիրի աւարտին փոքրիկները ստացան յանձնախումբի ընկերուհիներուն կողմէ պատրաստուած Զատկուան նուէրը:
Բոլոր ներկաները բարձր տրամադրութեամբ դուրս եկան սրահէն:
Բոլորին վարձքը կատար:
Յարատեւ վերելքի լաւագոյն մաղթանքներ: