Հեղուշ Փափազեան Մասնաճիւղի «Մայրերու Օր»-ը

Հովանաւորութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան, երեքշաբթի, 7 մայիս 2013-ի կէսօրին, ԼՕԽ-ի Ռաուտայի «Հեղուշ Փափազեան» մասնաճիւղի կազմակերպութեամբ տեղի ունեցաւ շրջանի մայրերուն նուիրուած ձեռնարկ մը Ժտէյտէի «Ուէլ Քաֆէ»-ին մէջ:

Իւրաքանչիւր ժամանողին նուիրուեցան փոքր անձեռոցներ` ի յարգանք մայրերուն: Բացման խօսքը արտասանեց մասնաճիւղի ատենապետ Սօսի Յակոբեան, որ բարի գալուստ մաղթելէ ետք ներկաներուն` վեր առաւ հայ մօր դերը հայ ընտանիքին մէջ. «ան թէ՛ քնքուշ է, եւ թէ՛ զօրեղ, անհուն զոհողութեան մարմնացումն ու միշտ ներող ընտանիքի սիւնն է», ըսաւ ան: Ապա ողջունեց բոլոր ներկաները, ի մասնաւորի մայրերը` ըսելով. «Դուք մեր սերունդներուն դաստիարակներն էք, մենք կը խոնարհինք ձեր առջեւ, կը համբուրենք ձեր մաքուր ձեռքերը ու կը խնդրենք, որ միշտ աղօթէք մեզի համար»:

Մասնաճիւղի վարչութեան կողմէ պատրաստուած յատուկ նուէրներ ստացան ներկաներուն մէջ գտնուող ամէնէն բախտաւոր մայրն ու ամէնէն տարեց մայրը: Մթնոլորտը խանդավառուեցաւ թէ՛ մայրերու նուիրուած, եւ թէ՛ այլ ճոխ հայկական երաժշտութեամբ: Ապա կատարուեցաւ նուէրներու վիճակաձգութիւն, որմէ ետք ներկաները մեկնեցան մեծ գոհունակութեամբ:

Share this Article
CATEGORIES