«Աղաւնի Փափազեան» Մասնաճիւղի «Մայրերու Օրուան» Տօնակատարութիւն
Հովանաւորութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան, կազմակերպութեամբ «Աղաւնի Փափազեան» մասնաճիւղի վարչութեան, հինգշաբթի, 2 մայիս 2013-ի, առաւօտեան ժամը 10:30-ին տեղի ունեցաւ «Մայրերու օրուան» նուիրուած հաւաքոյթ-ճաշը, «Ռիփապլիք» ճաշարանին մէջ, Զալքա:
Մուտքին մայրերը ստացան Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան կողմէ տրամադրուած ծաղիկներու թաղարներ, «Նիվեա» եւ «Նեսքաֆէ» հաստատութիւններու այլազան արտադրութիւններ եւ նուէրներ:
Քայլերգներու յոտնկայս ունկնդրութենէն ետք բարի գալուստի խօսքը արտասանեց մասնաճիւղի ատենապետ Արաքսի Գըլըճեանը, ան շնորհաւորեց բոլոր մայրերը եւ անդրադարձաւ հայ մօր առաքելութեան, ընտանիքին մէջ ստանձնած պարտաւորութիւններուն` սերունդներ դաստիարակելու, աւանդութիւններ վերապրեցնելու եւ ազգային արժէքներ պահպանելու առումով, միշտ նպատակ ունենալով անաղարտ պահել հայ ընտանիքը:
Ապա հրաւիրեց օրուան դասախօսը` Արմէն Ապտալեանը, որ անդրադարձաւ հայկական վարժարաններու առաքելութեան եւ բաղդատական մը գծեց ներկայ եւ նախորդ սերունդներուն միջեւ` նշելով, որ նախորդներուն հարիւր տոկոսը կը յաճախէր հայկական վարժարան, ծնողներ կը հաւատային հայկական վարժարանի առաքելութեան, իրենց զաւակներուն եւ դպրոցական ծախսերը ապահովելու համար նոյնիսկ պահք դրուած ոսկեղէնները կը ծախէին` հաւատալով, որ հայկական դրոշմ ստացող իր զաւակը, մեծ ներդրո՛ւմ է հայ ընտանիքին եւ հայ ազգին համար:
Այսօր նիւթական պայմանները աւելի բարգաւաճ են, մեր զաւակներուն յիսուն առ հարիւրը եթէ ոչ աւելին դժբախտաբար օտար վարժարաններ կը յաճախէ` մղուած բարձր ուսում ստանալու եւ հեզասահ համալսարան շարունակելու համոզումէն, փաստօրէն քանի մը տարի ետք կ՛անդրադառնան, որ հայու ոգին, հայու ինքնավստահութիւնը, տոկալու աննկուն կամքը, դժուարութիւնները յաղթահարելու պայքարը, համեմատաբար կը պակսին այս սերունդին մէջ, ըսաւ Ապտալեան:
Շարունակելով` ան շեշտը դրաւ երկու կարեւոր երեւոյթներուն վրայ` որպէս ծնողք, ըսաւ ան, կ՛ուզենք գոհացնել մեր զաւակներուն պէտքերը եւ բոլոր պահանջքները, ուրախութիւն պատճառելու անոնց, պատրուակելով «մենք զրկուեցանք, իրենք թող չզրկուին». ճիշդ է, պէտք չէ զրկել զաւակը, սակայն պէտք է սահմանել եւ չափաւորել, տալ երբ անհրաժեշտ է, զեխութիւնը ժխտական անդրադարձ կ՛ունենայ անոնց կազմաւորման հոլովոյթին վրայ: Ան թելադրեց, որ արձակուրդներուն գործի դիմեն, որպէսզի աւելի ինքնավստահ դառնան ու արժէքը գիտնան աշխատանքի վարձատրութեան:
– Երկրորդ` շեշտը դրաւ ծնողքին կենդանի օրինակ ըլլալու իրականութեան վրայ: «Մեր զաւակները,- ըսաւ ան,- կը դիտեն մեզ, կ՛ընդօրինակեն մեր ապրելաձեւը` մեր կենցաղով եւ աշխարհահայեացքով քաջ գիտակից են մեր անձնուէր կամ անձնասէր հոգատարութեան, ուստի որպէս ծնողք ըլլանք տիպար, որպէսզի փոխանցենք լաւն ու բարին»:
Իր խօսքի աւարտին Արմէն Ապտալեան ըսաւ, թէ որպէս հայ ժողովուրդի զաւակներ, պէտք է կառչած մնանք մեր արմատներուն ու պատմութեան, պէտք է տէր կանգնինք մեր Հայ դատին, շարունակենք մեր պայքարը, մեր կեանքը կ՛իմաստաւորուի Հայ դատի իրագործումով, հայրենիքի եւ հայ ժողովուրդի գոյատեւումով:
Գեղարուեստական յայտագիրով հանդէս եկան Քրիստինէ Սրապոնեան, որ տպաւորիչ արտայայտութիւններով ասմունքեց «մօր նուիրուած» քերթուածներ, իսկ Սիմոն Կոստանդինեան հայկական մեղեդիներու կատարումներով ոգեւորեց ներկաները:
Տեղի ունեցան վիճակահանութիւն եւ նուիրատուութիւններ:
Ձեռնարկը ողջունելի էր, ԼՕԽ-ի ընկերուհիները անգամ մը եւս հաստատեցին, որ ԼՕԽ-ը ո՛չ միայն յանձն առած է մարդասիրական գործունէութիւն, այլ եղած է պահպանողը եւ փոխանցողը մեր ազգային արժէքներուն:

