Յարաբերական Յանձնախումբ
Լիբանանահայ օգնութեան խաչին բազմաճիւղ ու բազմերանգ գործունէութիւնը, ինչպէս նաեւ Լիբանանի հայրենիքին ու անոր ժողովուրդին ծառայելու նախանձախնդրութիւնը հայկական թէ տեղական շրջանակներուն կը ծանօթացուի յարաբերական լայնածաւալ աշխատանքով, որ լիբանանեան տագնապի օրերէն եւ ամբողջ քառասնամեակ մը նաեւ ընդգրկեց ու կը շարունակէ ընդգրկել արտասահմանեան օտար բարեսիրական կազմակերպութիւններ եւ Լիբանանի մէջ գործող օտար դիւանագիտական հաստատութիւններ:
Վերոնշեալ աշխատանքին Շրջանային վարչութեան կ՛օժանդակէ Շրջանային յարաբերական յանձնախումբը, որ յարաբերական աշխատանքին կողքին` հաւատարիմ ՀՕՄ-ի 100-ամեակի սեմին յայտարարուած «Ժողովուրդէն ժողովուրդին» կարգախօսին, յատուկ ձեռնարկներով ԼՕԽ-ի ընկերային, առողջապահական թէ կրթական օժանդակութիւններուն կ՛ապահովէ անհրաժեշտ նիւթական միջոցները:
Բարեսիրական գործին անհրաժեշտ նիւթականը ապահովելու աշխատանքին մաս կը կազմէ հինգշաբթի, 16 մայիսին տեղի ունենալիք Յարաբերական յանձնախումբի ճաշկերոյթը:
Նեցուկ եւ զօրակից ըլլանք նուիրական գործին:

