Լիբանանի Հեծելարշաւի Ֆետերասիոնը Հրապարակեց Այս Տարեշրջանին Իր Յայտագիրը

Իր գումարած հերթական ժողովին Լիբանանի հեծելարշաւի ֆետերասիոնը հրապարակեց այս տարեշրջանին իր յայտագիրը:

Յայտագիրը պիտի սկսի 19 մայիսին, երբ տեղի ունենայ Լիբանանի ֆետերասիոնին բաժակի մրցաշարքը, Մարինայի շրջանին մէջ (Տըպպայէ), բոլոր դասակարգերուն մէջ (երկսեռ):

Որոշուեցաւ մասնակցիլ Չինաստանի մէջ տեղի ունենալիք Ասիոյ լեռնային ախոյեանութեան:

Ֆետերասիոնը, բոլոր դասակարգերու հեծելանւորդները, ինչպէս նաեւ այս մարզաձեւը սիրողները հրաւիրեց, որպէսզի իւրաքանչիւր կիրակի, առաւօտեան ժամը 8:00-էն 11:00, ներկայ ըլլան Մարինայի – Կոլտըն Պիչ-ի շրջանը` քաջալերելու համար Լիբանանի ազգային խումբին կատարելիք փորձերը:

Ֆետերասիոնը յայտարարեց, որ չորեքշաբթի, 15 մայիսին, Պալատ ճաշարանին մէջ (Պլուպըրի կեդրոն, Տըպպայէ), տեղի պիտի ունենայ Լիբանանի հեծելարշաւի ախոյեաններուն մրցանակաբաշխութիւնը, հովանաւորութեամբ` Լիբանանի ողիմպիական կոմիտէի նախագահ Ժան Համմամի:

Վերջապէս, ֆետերասիոնը յայտնեց, որ Լիբանանի հեծելարշաւի մէկ պատուիրակութիւնը մեկնեցաւ Սիշուան (Չինաստան), հոն իր մասնակցութիւնը բերելու համար 10-13 մայիսին տեղի ունենալիք Ասիոյ կրտսերներու լեռնային 5-րդ ախոյեանութեան:

 

Share this Article
CATEGORIES