Լիբանանի Ֆութպոլի Ֆետերասիոնի Ժողով
Շաբաթասկիզբին իր գումարած հերթական ժողովին, Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնը, վաւերացնելէ ետք նախորդ շաբաթավերջին արձանագրուած մրցումներուն արդիւնքները, յայտարարեց, որ բոլոր այն մարզիչները, որոնք Գ. կարգի վկայական ստացած են եւ կը փափաքին Բ. կարգի վկայական ստանալու քննութիւններ կատարել, կապ պէտք է հաստատեն ֆետերասիոնին հետ, առաւելագոյնը մինչեւ երեքշաբթի, 14 մայիս 2013:
Հրապարակուեցաւ Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 20-րդ հանգրուանի, ինչպէս նաեւ Լիբանանի ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքին կիսաւարտական հանգրուանի մրցումներուն յայտագիրը (տեսնել` նիւթի աւարտին):
Ֆետերասիոնը վաւերացուց երիտասարդներու ախոյեանութեան 2-րդ հանգրուանի մրցումներուն արդիւնքները, որոնց ընթացքին ՀՄԸՄ Պէյրութ 4-2 արդիւնքով յաղթեց Սաֆայի (Ա. խմբակ):
Ինչ կը վերաբերի Գ. հանգրուանի մրցումներուն, ՀՄԸՄ Պէյրութ 3-0 արդիւնքով պարտուեցաւ Անսարէն:
Իսկ ինչ կը վերաբերի կրտսերներու ախոյեանութեան 10-րդ հանգրուանի մրցումներուն, Նասըր Հատաս 6-0 արդիւնքով յաղթեց ՀՄԸՄ Պէյրութի (Ա. խմբակ), իսկ 11-րդ եւ վերջին հանգրուանին, ՀՄԸՄ Պէյրութ 1-0 արդիւնքով պարտուեցաւ Նըժում Մուսթաքպալէն:
Վեց խումբեր` Ահտ, Աթլեթիքօ Պէյրութ, Շապապ Արապի (Ա. խմբակ), Թրիփոլի, Ախա Ահլի Ալէյ եւ Հուտա (Բ. խմբակ) ապահովեցին աւարտական հանգրուաններուն իրենց տոմսը:
Ֆետերասիոնը, հրապարակեց նաեւ ֆութսալի Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 2013-2014 տարեշրջանին յայտագիրը, որուն Ա. հանգրուանը կը սկսի հինգշաբթի, 18 յուլիսին:
Սակայն, շաբաթ, 13 յուլիսին տեղի պիտի ունենայ գերբաժակի մրցումը, Սատաքայի եւ Լիբանանեան բանակին միջեւ, առաջինին դաշտին վրայ, ժամը 22:00-ին:
Տղոց նման, Լիբանանի ախոյեան հանդիսացաւ նաեւ Սատաքայի աղջկանց խումբը, որ իր կատարած 10 մրցումին, արձանագրեց 9 յաղթանակ եւ կրեց պարտութիւն մը:
Ֆետերասիոնը յայտնեց, որ Ա. դասակարգի ֆութսալի տղոց խումբերէն Հատաֆ` իր անունը փոփոխութեան ենթարկելով, յառաջիկայ տարեշրջանին կը մասնակցի Պէյրութի դրամատուն անունով:
Ստորեւ կու տանք շաբաթավերջին տեղի ունենալիք Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 20-րդ հանգրուանի մրցումներուն յայտագիրը.
ՇԱԲԱԹ, 11 ՄԱՅԻՍ ԺԱՄ ԴԱՇՏ
Թրիփոլի – Թատամոն Սուր 3:30 Թրիփոլի
Անսար – Սաֆա 3:30 Սայտա
Շապապ Սահել – Ախա Ալէյ 3:30 Ահտ
ԿԻՐԱԿԻ, 12 ՄԱՅԻՍ
Շապապ Ղազիէ – Ռասինկ 3:30 Քֆարժոզ
Սալամ Սուր – Իժթիմահի 3:30 Սուր
Նըժմէ – Ահտ 3:30 Մարզական Աւան
ԲԱԺԱԿԻ ՄՐՑԱՇԱՐՔ
ՉՈՐԵՔՇԱԲԹԻ, 15 ՄԱՅԻՍ
Թատամոն Սուր – Սաֆա 3:30 Սայտա
Ախա Ալէյ – Շապապ Սահել 3:30 Պէյրութ
ԱՒԱՐՏԱԿԱՆ` կիրակի, 16 յունիս:

