ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՄԷՋ ՄԻԱՑԵԱԼ ՆԱՀԱՆԳՆԵՐՈՒ ԴԵՍՊԱՆԻ ՊԱՇՏՕՆԻՆ ՀԱՄԱՐ ՕՊԱՄԱ Կ՛ԱՌԱՋԱԴՐԷ ՃՈՆ ՀԵՖԵՐՆԻ ԹԵԿՆԱԾՈՒԹԻՒՆԸ
Սպիտակ տունը կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա Հայաստանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանի պաշտօնին համար առաջադրած է Ճոն Հեֆերնի թեկնածութիւնը:
Աւելի կանուխ Հայաստանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատունը յայտարարած էր, որ այժմու դեսպան Մարի Եովանովիչ կ՛աւարտէ եռամեայ դիւանագիտական առաքելութիւնը եւ կը վերադառնայ Ուաշինկթըն` ստանձնելու համար արտաքին գործոց նախարարի Հիւսիսային եւ Կեդրոնական Եւրոպայի հարցերով փոխտեղակալի պաշտօնը:
Նոր դեսպանի թեկնածու Ճոն Հեֆերն արդէն շուրջ 30 տարիէ ի վեր կ՛աշխատի Միացեալ Նահանգներու արտաքին քաղաքականութեան մարզին մէջ եւ ներկայիս ՕԹԱՆ-ի մէջ Միացեալ Նահանգներու առաքելութեան փոխղեկավարն է: Պաշտօնական աղբիւրներ կը հաղորդեն, որ երկարամեայ գործունէութեան ընթացքին դիւանագէտը հիմնականին մէջ աշխատած է Արեւելեան Ասիոյ երկիրներուն մէջ` Ինտոնեզիա, Ճափոն, Մալեզիա եւ Չինաստան: Աւելի կանուխ զբաղած է քաղաքականութեամբ եւ մասնաւորաբար եղած է ծերակոյտի փորձառու ներկայացուցիչներէն մէկուն` Ճոն Տանֆորսի գրասենեակի տնօրէնը: Ծնած է Միսուրի նահանգին մէջ, աւարտած է Միշիկընի պետական համալսարանը եւ հինգ երեխաներու հայր է:
Հեֆերնի թեկնածութեան անմիջապէս արձագանգած է Ամերիկայի Հայ դատի գրասենեակը:
«Մենք անհամբեր կը սպասենք ծերակոյտին մէջ դեսպանին հաստատման շուրջ քննարկումներուն», յայտարարեց Ուաշինկթընի Հայ դատի գրասենեակի գործադիր տնօրէն Արամ Համբարեան եւ ընդգծեց հետեւեալը. «Այդ քննարկումները ցոյց պիտի տան, որ արդեօք Հեֆերն պատրա՞ստ է միացնելու իր սկզբունքային ձայնը Հայոց ցեղասպանութեան շուրջ ճշմարտութեան եւ արդարութեան ջատագովներուն, ինչպէս նաեւ նպաստելու հայ-ամերիկեան երկկողմանի շահաւէտ յարաբերութիւններու ամրապնդման»:
Ըստ Համբարեանի, այդ քննարկումներուն թիւ մէկ փորձութիւնը պիտի ըլլայ Հեֆերնի դիրքորոշումը 1915-ի իրադարձութիւններուն վերաբերեալ: Ան ընդգծեց, որ ամէնէն կարեւորը այն է, որ արդեօք Հեֆերն պիտի դիմէ՞ բառախաղերու եւ հռետորաբանութեան` ցեղասպանութեան յստակ ճանաչումէն խուսափելու համար, թէ՞ ոչ: Արամ Համբարեան նշեց, որ ժամանակին այժմու նախագահ Պարաք Օպամա ծերակուտական եղած տարիներուն քննադատած էր ցեղասպանութեան վերաբերեալ իր յայտարարութիւններով յայտնի դեսպան Ճոն Էվընսի տուն կանչուիլը եւ արտաքին գործոց նախարարին ուղղուած նամակի մը մէջ գրած էր, որ սնանկ է այն պետական քաղաքականութիւնը, որ կոչ կ՛ուղղէ դիւանագէտներուն աղաւաղելու պատմական փաստերը: