ՀՅԴ-Ի ՀԱՆԴԻՊՈՒՄԸ ԵՒՐՈՊԱԿԱՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ԴԵՍՊԱՆՆԵՐՈՒՆ ՀԵՏ
ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Արմէն Ռուստամեանի գլխաւորութեամբ, ՀՅԴ պատուիրակութիւնը երէկ հանդիպում ունեցաւ Եւրոպական Միութեան դեսպաններուն հետ` Հայաստանի մօտ Եւրոպական Միութեան պատուիրակութեան կեդրոնին մէջ:
Եւրոպական Միութեան կողմէ հանդիպումին կը մասնակցէին Հայաստանի մօտ Եւրոպական Միութեան պատուիրակութեան ղեկավար Ռաուլտէ Լուցենպերկեր, Բրիտանիոյ, Ֆրանսայի, Շուէտի, Լեհաստանի, Ռումանիոյ, Հոլանտայի դեսպանները, այլ պաշտօնեաներ:
ՀՅԴ Մամլոյ դիւանը կը հաղորդէ, որ ՀՅԴ-ի պատուիրակութեան մաս կը կազմէին Հայաստանի Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան անդամ Լիլիթ Գալստեանն ու ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի պատասխանատու Կիրօ Մանոյեանը:
Եւրոպական Միութեան դեսպաններուն փոխանցուեցաւ ՀՅԴ-ի տեսակէտը երկրին մէջ տեղի ունեցող հոլովոյթներուն, ընտրական օրէնսգրքի բարեփոխումներուն եւ ընդհանրապէս ընտրական հոլովոյթի, Արցախի հիմնախնդրի խաղաղ կարգաւորման հոլովոյթի զարգացումներուն, ինչպէս նաեւ Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններու հաստատման հոլովոյթին` Թուրքիոյ կողմէ սառեցման մասին:
Հանդիպումը մաս կը կազմէր Եւրոպական Միութեան դեսպաններուն կողմէ Հայաստանի քաղաքական ուժերուն հետ պարբերաբար տեղի ունեցող հանդիպումներու շարքին: