ԸՍՏ ՅՈՎԻԿ ԱԲՐԱՀԱՄԵԱՆԻ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԸ ԻՐ ՄԱՍՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ԲԵՐԷ ՓՏԱԾՈՒԹԵԱՆ ԴԷՄ ՊԱՅՔԱՐԻՆ
Հայաստանի Ազգային ժողովի նախագահ Յովիկ Աբրահամեան, երէկ ընդունելով փտածութեան դէմ պայքարող խորհրդարանականներու համաշխարհային կազմակերպութեան (ԿՈՓԱՔ) գործադիր տնօրէն Ճոն Ուիլիըմզը եւ Միացեալ Նահանգներու Միջազգային զարգացման գործակալութեան հակափտածութեան գործողութեան զօրաշարժի ծրագիրի ղեկավար Ֆրանսուա Վեզինան, յայտարարեց, որ Հայաստանի խորհրդարանը իր մասնակցութիւնը կը բերէ փտածութեան դէմ պայքարին:
Ուիլիըմզ եւ Վեզինա Ազգային ժողովին մէջ պիտի մասնակցին Հայաստանի մէջ փտածութեան նուազեցման գործին մէջ խորհրդարանի դերակատարութեան նուիրուած միջազգային աշխատաժողովին:
Ազգային ժողովի հասարակութեան հետ կապերու վարչութիւնը կը փոխանցէ, որ Յովիկ Աբրահամեան ողջունեց այսպիսի նախաձեռնութեան կայացումը:
Ճոն Ուիլիըմզ կարեւորութեամբ շեշտեց ԿՈՓԱՔ-ի հայաստանեան կառոյց` ազգային մասնաճիւղ ստեղծելու գաղափարը:
Յովիկ Աբրահամեան իր կարգին անհրաժեշտ նկատեց ազգային կառոյցին ստեղծումը` յայտնելով աջակցելու իր պատրաստակամութիւնը եւ ակնկալելով արդիւնաւէտ աշխատանք ԿՈՓԱՔ-ի հետ: