ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ԿԱՐՃ ԼՈՒՐԵՐ

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքին համաձայն, սուրիական թղթածրարին հետ կատարեալ չէզոքութեամբ վարուելու յստակ որոշում մը կայ, որ կը յարգուի:

«ԼԻՈՒԱ» օրաթերթին համաձայն, վարչապետ Նեժիպ Միքաթի նախանցեալ երեկոյեան այցելած է Այն Թինէ եւ հանդիպում մը ունեցած է խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի հետ: Հանդիպումէն ետք ի յայտ եկած է, որ առկայ է կառավարութեան կազմութիւնը խոչընդոտող արգելքները լուծելու այլ ելք մը, որուն բնոյթին մասին ոչինչ հաղորդուեցաւ:

ԱԶԳԱՅԻՆ ազատականներու կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Տորի Շամուն յայտնեց, որ վարչապետ Միքաթի պէտք է հրաժարելու գիտակցութիւն ունենայ, եթէ ան անկարող է իրեն վստահուած պարտականութիւնը ամբողջացնելու:

«ՍԱՖԻՐ» օրաթերթին համաձայն, կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը խոչընդոտներու դէմ յանդիման կը գտնուի, որովհետեւ երեսփոխան զօր. Միշել Աուն կը մերժէ հանրապետութեան նախագահին զիջիլ մարոնի նախարար մը:

ՍՈՒՐԻԱԿԱՆ «Ուաթան» օրաթերթին համաձայն, հիւսիսային Լիբանանի մէջ կը գործէ լիբանանեան-արաբական մութ սենեակ մը, որ կը կառավարէ Սուրիոյ ապահովական խախտումներուն գործողութիւնները: Նոյն օրաթերթը կը նշէ, որ այդ գրասենեակին գումակային անսահման օժանդակութիւն կը յատկացուի` աւելցնելով, որ անոր իսկական կեդրոնը կը գտնուի Գերմանիոյ մէջ:

ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Օմար Քարամէ Պէյրութի ամերիկեան հիւանդանոց փոխադրուեցաւ` բժշկական քննութիւններ կատարելու նպատակով:

«ՏԻԱՐ» օրաթերթին համաձայն, Հըզպալլա կը պատրաստուի նոր նախաձեռնութիւն մը առաջադրելու` լուծելու համար կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը արգելակող խոչընդոտները:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի անդամ, երեսփոխան Ահմետ Ֆաթֆաթ զգուշացուց սուրիական ուժերուն Լիբանան մուտք գործելու կարելիութենէն:

ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Ֆուատ Սինիորա ընդունեց Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Տընի Փիեթոնը, որուն հետ քննարկեց Լիբանանը եւ շրջանը յուզող իրադարձութիւնները:

ԱՇԽԱՏԱՆՔԻ գործավար նախարար Պութրոս Հարպ ընդունեց Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Մայքըլ Ուիլիըմզը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան զարգացումները: Հանդիպումէն ետք Ուիլիըմզ շեշտեց, որ պէտք է արագացնել Լիբանանի կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը:

ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան երեսփոխան Էլի Մարունի «Սիասա» օրաթերթին հետ ունեցած իր հարցազրոյցին ընթացքին հաստատեց, որ գործավար կառավարութեան մը ծիրին մէջ խորհրդարանը իրաւունք ունի օրէնսդրական իր նիստերը գումարելու:

ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ միւֆթի շէյխ Մոհամետ Ռաշիտ Քապպանի կոչ ուղղեց իսլամ բանտարկեալներուն` իրենց յայտարարած հացադուլին վերջ տալու:

ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ Ռուսիոյ դեսպան Ալեքսանտր Զասպիքին շեշտեց, որ Մոսկուա յանձնառու է եւ նախանձախնդիր շրջանին ապահովական կայունութեան:

 

Share this Article
CATEGORIES