ԽԱԶԵՆ. «ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԻՒՆԸ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՆՀՐԱԺԵՇՏՈՒԹԻՒՆ Է»
Մարոնի համայնքի ընդհանուր խորհուրդի նախագահ, նախկին նախարար Ուատիհ Խազեն երէկ այցելեց յոյն ուղղափառ համայնքի Պէյրութի առաջնորդ Էլիաս Աուտէ եպիսկոպոսին, որուն հետ քննարկեց երկիրը յուզող իրադարձութիւնները:
Հանդիպումէն ետք Խազեն հաստատեց, որ կառավարութիւնը ազգային անհրաժեշտութիւն մըն է եւ ժողովրդային կարիք մը, որ կը պատկանի բոլորին, իսկ կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթին մէջ արձանագրուած որեւէ ուշացում ժողովուրդի պահանջներուն անտեսում կը նկատուի:
Խազեն դիտել տուաւ, որ ներկայ հանգրուանին սղաճը կը հարուածէ բոլորը եւ ոչ մէկը կը խնայէ, հետեւաբար անհրաժեշտ է վերջ տալ ժողովուրդին ցաւերը քաղաքականացնելու եւ այս կամ այն նախարարութեան պահանջին պատճառով կառավարութեան կազմութիւնը խոչընդոտելու արարքին:
CATEGORIES Լիբանանեան