«ԱՐԴԵՕՔ ՊԱՏԱՍԽԱՆԱՏՈՒՆԵՐԸ ԿԸ ՓԱՓԱՔԻՆ ԵՐԿԻ՞ՐԸ ՔԱՆԴԵԼ» ՇԵՇՏԵՑ ՌԱՅԻ ՊԱՏՐԻԱՐՔԸ

Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ վերադարձաւ Պէյրութ:

Վատիկանէն ժամանած Ռայի պատրիարքը Պէյրութի միջազգային օդակայանին մէջ կատարեց յայտարարութիւն մը, որուն մէջ  շեշտեց, թէ յառաջիկայ 2 յունիսին Պքերքէի մէջ պիտի գումարուի քրիստոնէական ընդարձակ հանդիպում մը` ընդգծելով, որ բոլորը պէտք է գործեն ի խնդիր հաշտութեան, որ կը սկսի Աստուծոյ հետ հաշտուելու գաղափարէն:

Ռայի պատրիարքը նկատել տուաւ, որ քրիստոնեայ ընդարձակ հանդիպում մը կայացնելու այս գաղափարին շուրջ համախոհութիւն գոյացած է մարոնի ղեկավարներուն հետ հանդիպումին ընթացքին:

Ռայի պատրիարքը ցաւ յայտնեց, որ կառավարութիւնը ցարդ չէ կազմուած: Այս ծիրին մէջ ան հարց տուաւ, որ արդեօք պատասխանատուները կը փափաքին Լիբանա՞նը քանդել: Ան ընդգծեց, որ սահմանադրական հաստատութիւններուն քանդումն ու քաղաքացիները արտագաղթի մղելու աշխատանքը քաղաքական աշխատանք չէ, այլ` քանդումի արարք:

 

 

Share this Article
CATEGORIES