«ՄԵՐ ՁԵՌՔԵՐՈՎ, ԶԷՆՔԵՐՈՎ ԵՒ ԿՈՒՐԾՔԵՐՈՎ ՊԻՏԻ ՊԱՅՔԱՐԻՆՔ ՊԱՇՏՊԱՆԵԼՈՒ ՀԱՄԱՐ ՍՈՒՐԻԱՆ» ԿԸ ՇԵՇՏԷ ՈՒԱՀԱՊ
Թաուհիտ հոսանքի նախագահ, նախկին նախարար Ուիամ Ուահապ երէկ Սուրիոյ Սապպուրա գիւղաքաղաքին մէջ արտասանած իր խօսքին մէջ ընդգծեց, որ Սուրիոյ դէմ դաւադրութիւնը մեծ է եւ ընթացքի մէջ` աւելցնելով սակայն, որ ինք գրեթէ վստահ է, որ այդ դաւադրութիւնը իր աւարտին պիտի հասնի` կարգ մը պատճառներով:
Ուահապ նկատել տուաւ, որ այդ պատճառներուն մէջ կարեւորագոյնը սուրիական բանակին գոյութիւնն է: Ան ողջունեց սուրիական բանակը` շեշտելով, որ Լիբանանի բաժանումը արգիլած այս բանակը անպայման պիտի արգիլէ Սուրիոյ ապահովութիւնը վտանգի ենթարկելու փորձերը:
«Սուրիա տարիներէ ի վեր թիրախ կը նկատուի: Մենք 2006-ին բացայայտօրէն յայտարարեցինք, որ եթէ նոյնիսկ ամբողջ շրջանը քանդուի, Լիբանանի մէջ Դիմադրութիւնը պիտի չքայքայուի, իսկ այսօր մենք բարձրաձայն կը հաստատենք, որ եթէ շարունակեն թիրախ դարձնել Սուրիան, ապա Իրաքէն սկսեալ մինչեւ Պաղեստին ամբողջ շրջանը պիտի հրկիզուի», ըսաւ ան:
Ուահապ նշեց, որ լիբանանցիներուն մեծամասնութիւնը կը զօրակցի Սուրիոյ եւ մտահոգ է Դամասկոսի վիճակով, «եւ հոս պէտք է շեշտել, որ մենք պատրաստ ենք մեր ձեռքերով, զէնքերով եւ կուրծքերով պայքարելու` պաշտպանելու համար Սուրիան եւ զայն անկումէ փրկելու համար», եզրափակեց Ուահապ: