Ծառայութիւնը` Անսահման Ներդրում

ՑՕՂԻԿ

1983-ի տագնապալի օրերուն, երբ ամբողջ Լիբանանը կ՛ապրէր դժնդակ պայմաններ, ժամանակն էր որոշելու ուսման ճանապարհս, սակայն քաղաքական եւ ընտանեկան հանգամանքները ձեռնտու չէին նման քայլ առնելու: Յուսահատ եւ անորոշ վիճակիս մէջ տեղեկացայ ԼՕԽ-ի Այնճարի «Աղթամար» մասնաճիւղի վարչութեան կազմակերպած ձեռագործի (Մարաշի ասեղ) դասընթացքին մասին: Պարապութիւն մը լեցնելու եւ անորոշութիւնս փարատելու նպատակով կը դիմեմ` սորվելու որեւէ նորութիւն, նկատի առնելով կազմակերպող միութեան նպատակը:

Երիտասարդ կիներ, օրիորդներ, հաւաքուած կը սորվին «Մարաշի գործ». դասատուն` օրդ. Լուսինը կը ստեղծէ ընկերային լաւ մթնոլորտ: Մենք սորվեցանք նաեւ կերպասի վրայ գծագրութիւն, զոր փոխանցեց տիկին Լիզան, դարձեալ յաջող ուսուցիչի մօտեցումով: Եւ մենք ունեցանք ցուցահանդէս-վաճառք: Վարչական անդամները ուրախ էին:

Այդ դասապահներէն մէկուն ընթացքին մտաւ վարչական կիներէն մէկը եւ հարցուց. «Կիրակի օր ո՞վ կրնայ հանգանակութիւն կատարելու արշաւին մասնակցիլ»: Առանց մտածելու ըսի.  «Ես կրնամ»: Վերջը գիտցայ, թէ հարցումը ուղղուած էր ԼՕԽ-ական ներկաներուն, իսկ իմ առաջարկս ընդունուած էր, թերեւս զիս չվիրաւորելու համար:

Հանգանակութիւնը վերջացաւ: Հաշիւները ստանձնողները գոհ էին` «մեր ժողովուրդը տուող ժողովուրդ է», «չունեցածէն կու տայ չմերժելու համար», կ՛ըսէին իրարու:

Այդ օրուան յիշատակներէն կարելի չէ մոռնալ տիկին Ռուբինային եւ տիկին Դշխոյին պատրաստած համեղ «ոսպով քէօֆթա»-ն, զոր վայելեց իւրաքանչիւր խումբ, իր պարտականութիւնը աւարտելէ եւ հաշիւը յանձնելէ ետք:

Յաջորդ շաբաթ երբ հաւաքուած ձեռագործ կը սորվէինք եւ կ՛աշխատէինք, կին մը մօտեցաւ ինծի եւ ըսաւ. «Քեզի դիմումնագիր մը պիտի տանք. ի՞նչ կ՛ըսես. երաշխաւորներդ ալ մենք պիտի ըլլանք»: Եղբայրս քաջալերեց` ըսելով. «ԼՕԽ-ը հայ երիտասարդուհիին ճշգրիտ տեղն է»:

Անդամակցեցայ այս մեծ ընտանիքին. փորձեցի աշխատիլ` հաւատալով «մարդ իր տան թէ՛ աղան է, թէ՛ ծառան» սկզբունքին, տարբերութիւն չդնելով ինծի վստահուած պարտականութիւններուն միջեւ, քաջ գիտնալով, թէ ծառայութեան մէջ մեծ եւ փոքր մասնակցութիւն չկայ, այլ կայ անսահման ներդրում, իսկ երաշխաւորներուս հանդէպ մինչեւ օրս ունիմ մեծ յարգանք:

 

9 ապրիլ 2013
Այնճար

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )